
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ-ամերիկեան թանգարան մշակութային կեդրոնը կը տեղեկացնէ, թէ որոշուած է թանգարանին ի նպաստ տարեկան երկրորդ ճաշկերոյթը կատարել Կիրակի, 8 Դեկտեմբերին, Պեվըրլի Հիլզի «Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ:
«Անհամբեր կը սպասենք այս ձեռնարկին, որ պիտի իրականացուի մինչ թանգարանի պատմական հիմնարկէքին թուականը կը մօտենայ», կը յայտնէ թանգարանի գործադիր մարմինի ատենապետ Պերճ Կարապետեան:
Նշենք, որ հիմնարկէքը կ՛ակնկալուի կատարել 2020ին։
Կլենտէյլի քաղաքապետարան քաղաքամէջը գտնուող բաղձալի տարածք մը շնորհած է թանգարանին, որ մաս պիտի կազմէ քաղաքին արուեստներու եւ ժամանցի տարածքին։
Թանգարանը պիտի ունենայ ամերիկահայութեան նուիրուած մնայուն հաւաքածոյ մը, ինչպէս նաեւ պարբերաբար պիտի հիւրընկալէ տարբեր մշակոյթներու եւ նիւթերու նուիրուած ցուցահանդէսներ եւ ձեռնարկներ: Անիկա պիտի ունենայ թատերասրահ մը, կրթական բաժին մը, ճաշարան եւ վաճառատուն:
Յիշեցնենք, որ անցեալ տարի տեղի ունեցած թանգարանի անդրանիկ ճաշկերոյթին ներկայ էին աւելի քան 1000 համակիրներ։ Անցեալ տարուան նման, այս տարի եւս տեղի պիտի ունենան մեծարումներ։
Մասնակցութեան տոմսեր ա-պահովելու կամ ձեռնարկը հովանաւորելու մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել AAMGala.org կայքը կամ դիմել (818) 644-2073 թիւին։
Կը խնդրուի տեղեր ապահովել մինչեւ 8 Նոյեմբեր։
Հայ-ամերիկեան թանգարանի վարչութեան մաս կը կազմեն շրջանի հետեւեալ կազմակերպութիւնները եւ հաստատութիւնները՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդարան, Հայ Մշակութային հիմնարկութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութիւն, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւն, Հայ Օգնութեան Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան, «Նոր Օր» Բարեգործական հիմնարկութիւն, «Նոր Սերունդ» Մշակութային միութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարան:
Անոր մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ այցելել ArmenianAmericanMuseum.org կայքը: