
ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Ըստ «Սիվիլնեթ«ի հաղորդման՝ Հոկտեմբերի 2ին, Սոչիի «Վալդայ» ակումբին մէջ, արտաքին գործոց նախարար Լաւրով ըրած է հետեւեալ յայտարարութիւնը Արցախեան հիմնահարցի դիւանագիտութեան ներկայ փուլին մասին.
«…Կողմերը բաւական լուրջ յայտարարութիւններ են անում, այդ թւում յայտարարութիւններ են հնչել, որ Ղարաբաղը Հայաստան է, այնպէս, ինչպէս Տիրանայից Կոսովոյի վարչապետ Է. Ռաման յայտարարում էր, որ Կոսովօն Ալբանիա է: Դա, իհարկէ, չի նպաստում քաղաքական գործընթացի վերսկսման համար մթնոլորտի ձեւաւորմանը: Սակայն մենք, որպէս համանախագահներ, ամերիկացիների ու ֆրանսիացիների հետ ներդաշնակ աշխատում ենք: Սա այն քիչ իրավիճակներից է, որտեղ մենք ունենք միասնական տեսլական: Մենք ունենք հիմնական փաստաթղթեր եւ չենք ցանկանում դրանք վերանայել: Մենք ցանկանում ենք հիմնական սկզբունքների հիման վրայ, որոնք բազմիցս քննարկուել են, որոնել լուծումը: Սակայն դրան պէտք է հասնել ուղիղ երկխօսութեան միջոցով: Շփումներ կան, սակայն կարգաւորման երկխօսութիւնն առայժմ չի վերսկսուել: Լայնածաւալ ռազմական գործողութիւնների ակնյայտ կամ ոչ ակնյայտ վտանգ ես չեմ տեսնում: Պէտք է անենք ամէն ինչ, որ դա տեղի չունենայ»:
Լաւրով կը խօսի ակնյայտ գոհունակութեամբ, որմէ պէտք է հետեւցնել, որ կացութիւնը, իր ընդհանուր գիծերուն մէջ, կը գտնուի Մոսկուայի հակակշիռին տակ: ԱՄՆ կը գտնուի նախագահական ընտրութիւններու սեմին եւ կլանուած է ներքին քաղաքական կնճիռներով: Ընդհանրապէս այս փուլին մէջ, ԱՄՆի արտաքին քաղաքականութեան սանձերը — լայն չափերով – կ՛անցնին ՊետՔարտուղարութեան եւ Սպիտակ Տան Անվտանգութեան խորհուրդի դիւանակալ կազմերուն ձեռքը: Աւելի եւս ներկայի՛ս՝ երբ նախագահ Թրամփի առաջնահերթութիւնները կը գտնուին անձնական քաղաքականութեան ոլորտին մէջ եւ տեղ չեն թողուր արտաքին քաղաքականութեան: Հարաւային Կովկասը, իր ներկայի ռիսքերով (վտանգներով- Խմբ.), չի հատեր ճգնաժամային խնդիրներու սահմանը: Հետեւաբար, by default, Արցախեան հիմնահարցը կը գտնուի Մոսկուայի հանգստութեան գօտիին (comfort zone) մէջ: Իսկ Ֆրանսան… բնականաբար պիտի զօրակցի ռուսական այս ժամանակաւոր «խաղաղութեան» գործընթացին եւ շարունակէ իր հրաշալի յարաբերութիւնները Բաքուի հետ եւ իր պատմական սիրաբանութիւնը՝ Ֆրանսահայութեա՛ն: Հա՛րց մը՝ որ վաղուց զբաղեցուցած է ֆրանսահայ համայնքի ղեկավարութիւնը առանց շօշափելի արդիւնքի:
Այս բոլորէն կրկին պէտք է հետեւցնել, որ Արցախեան հիմնահարցը կը շարունակէ ըլլալ առաւելաբար ռուսական տիրոյթի խնդիր: Մենք վաղուց պէտք է տիրապետած ըլլայինք այս խաղի գաղտնիքներուն, քանի որ այս խաղը արդէն դարձած է դասական ու նախատեսելի: Մենք պէտք է կարենանք այս խաղը ճիշդ խաղալ: Ռուսիոյ միակ իրական, վստահելի եւ անփոխարինելի յենարանը Հայաստանն է տարածաշրջանին մէջ: Սկզբունքով, մենք այս խաղատախտակին վրայ տիրապետող ուժն ենք: Տարածաշրջանին մէջ այսօր Ռուսիա այն գերտէրութիւնն է, որ ԿԵՆՍԱԿԱՆ կապերով կախուած է Հայաստանէն: Մենք եւս կենսական կապեր ունինք Ռուսիոյ հետ, բայց մեր ուզած Ռուսիան հաստատակամ քաղաքականութեան տէր Ռուսիան կրնայ ըլլալ միայն: Եւ ոչ այն՝ որ թուլակամօրէն կը յանձնուի թրքական եւ ատրպէյճանական տոլարներու մորֆինին եւ կ՛անտեսէ իր ազգային գերագոյն շահը եւ զէնք կը վաճառէ թշնամիին՝ հարստացնելով իր օլիգարխները: Ոչ այն՝ որ կը սղոցէ իր նստած ճիւղը: Մենք գործ ունինք ընելիք: Մենք իրաւունք չունինք Ռուսիան լքելու այս կորանքին: Մենք ստիպուած ենք մտնելու Ռուսիոյ ներքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ: Այդ մէկը անխուսափելի է, եթէ մեր ռազմավարական դաշնակիցին գոյավիճակը պիտի արդիւնաւորուի:
Այսօր մեր ճիգը պէտք է ըլլայ համոզել Լաւրովը, որ հանգիստի պատրանքը հանգիստ չի կրնար ըլլալ: Ռազմամոլ եւ ծաւալապաշտ Թուրքիան ու նոյնքան ծաւալապաշտ Ատրպէյճանը հանգստացնող հարեւաններ չեն եւ պիտի չըլլան: Անոնք փանթուրանական ուժեր են եւ անոնք միայն մեր հարցը չեն կրնար ըլլալ: Փանթուրականութիւնը մեծ սպառնալիք մըն է Հայաստանի համար: Անիկա նոյնքան — եթէ ոչ՝ աւելի — մեծ սպառնալիք մըն է Ռուսիոյ լինելիութեան: