ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու 23րդ համաշխարհային համաժողովին մասնակցելու եւ անոր ընթացքին զեկոյցով հանդէս գալու նպատակով 6 Հոկտեմբերին Հայաստան հասաւ հայ նշանաւոր մոտել (ցուցադրող-Խմբ.), ամերիկեան պատկերասփիւռի աշխարհի յայտնի դէմքերէն Քիմ Քարտաշեան, որ իր ուրախութիւնը յայտնեց Հայաստան գտնուելուն համար։
7 Հոկտեմբերին, իր քրոջ՝ Քորթնի Քարտաշեանի ընկերակցութեամբ, Քիմ Քարտաշեան ուղղուեցաւ Էջմիածին, ուր անոնք մկրտեցին իրենց երեխաները Ս. Վարդան եւ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ մատուռ-մկրտարանին մէջ։