ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Շաբաթ, 5 Հոկտեմբերի յետմիջօրէին. Պոլսոյ Շիշլի շրջանի գերեզմանատան մտաւորականներու պանթէոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն մը, որուն ընթացքին կատարուեցաւ բացումը երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի արձանին։
Յայտնի քանդակագործ Էրօլ Սարաֆեան, որ «կեանք ու շունչ» տուած է մեր մշակոյթի խումբ մը երախտաւորներուն ու իր վարպետ ձեռքերով անմահացուցած զանոնք, այս անգամ Յակոբ Պարոնեանի արձանը քանդակեց գեղեցիկ մտայղացումով մը։ Արձանը քանդակուած է Ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլեկեչի բարերարութեամբ։ Պարոնեան ներկայացուած է աթոռի մը վրայ նստած, ձեռքը յենարանի մը կռթնած վիճակով։ Արձանը «բազմած է» պատուանդանին վրայ, ուր արձանագրուած են անոր ծննդեան ու մահուան թուականները, իսկ առջեւի մասին վրայ հսկայ մարմարիոնի վրայ քանդակուած են բանաստեղծ Իգնա Սարըասլանի հետեւեալ տողերը. «Հայ երգիծաբանութեան տիտանը՝ Յակոբ Պարոնեան, անմահութեան դափնեպսակը գլխին կը կանգնի վեհօրէն դարերու հոսանքին դէմ եւ իր հանճարեղ աւանդը կ՛արձագանգէ ու կ՛արձանանայ սերունդներու շրթներուն վրայ»։
Արձանին բացումը հանդիսաւորապէս կատարուեցաւ պատրիարքական տեղապահ Սահակ եպս. Մաշալեանի նախագահութեամբ։ Բացման արարողութիւնը սկսաւ հոգեհանգստեան պաշտօնով , որուն աւարտին Յակոբ Պարոնեանի յուշարձանի շղարշը վար առնուեցաւ։
Յաջորդեցին ելոյթները. Կեդրոնական վարժարանի ուսուցչուհիներէն Տիանա Պուլտուք ողջունեց ներկաները եւ հրաւիրեց աշակերտները, որպէսզի ներկայացնեն Յակոբ Պարոնեանի կենսագրութիւնը եւ խօսքերը։ Յայտնի դերասան եւ թարգմանիչ Պօղոս Չալկըճըօղլու իր տպաւորիչ առոգանութեամբ հատուած մը կարդաց «Մեծապատիւ Մուրացկաններ»էն։ Քիւլեկեչ կարճ ելոյթ մը ունեցաւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն ու մաղթեց, որ Յակոբ Պարոնեանի յիշատակը անմար մնայ ժողովուրդին սիրտին մէջ։
Աւարտին խօսեցաւ Սահակ սրբազանը՝ նշելով, որ այսօր մտաւորականներու պանթէոնին մէջ հայ ժողովուրդի մեծանուն զաւակներէն մէկն է, որ ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ այսօր։ Ան դիտել տուաւ, որ բոլոր մեծ գրողները իրենց ժողովուրդին պատմութենէն կը ծնին ու Յակոբ Պարոնեանն ալ այդպէս է։
Սրբազանը յիշեցուց, որ Պարոնեան 19րդ դարու երկրորդ կիսուն ծնած է Պոլսոյ ժողովուրդին ծոցէն եւ անոր պատմութենէն։ «Այս շրջանը հետաքրքրական շրջան է, որովհետեւ մենք այդ շրջանը Զարթօնքի շրջան կը կոչենք, պատմութեան փառաւոր էջերէն մէկն է անիկա, հարկաւ երբ ժամանակը անցնի եւ հեռուէն դուք նայիք իր ամբողջութեամբ այդ ժամանակի Պոլսոյ հայութիւնը, եկեղեցական կեանքը, քաղաքական յաջողութիւնները, Սահմանադրութիւնը, ետեւ ետեւի բացուած դպրոցները, հայերէնի գրաբարէն աշխարհաբարի անցքը, այդ բոլորը փառաւոր են հարկաւ, սակայն անոր մէջէն ապրողները հազարումէկ խնդիրներով իրականացուցին այդ ժամանակաշրջանը», շեշտեց սրբազանը եւ խօսքը կապելով Պարոնեանի անուան՝ ըսաւ, որ մեծանուն երգիծաբանը դիտեց, ուզեց օգնել այդ Զարթօնքին, տեսաւ, որ քննադատութիւնը պակաս է, առողջ քննադատութեան պէտք կար եւ մարդիկ զուարճանալով, խնդալով պէտք է կարդային, պէտք է գիտնային, թէ ի՛նչը կը պակսէր մեր ժողովուրդին։
Հանդիսութեան աւարտին ներկաներուն բաժնուեցաւ հրուշակ, որուն վրայ զետեղուած էին Պարոնեանի դիմանկարը եւ կարճ ասութիւններ։
Լուսանկարը՝
ԿԱՐՕ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆի