ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցած դիմումը՝ Թուրքիոյ Սիս քաղաքը գտնուող իր նախկին նստավայրին վերատիրանալու վերաբերեալ, հասարակական լայն հնչեղութիւն ստացած էր, մինչդեռ նոյնքան կարեւոր այլ դատական հայց մը՝ ընդդէմ Թուրքիոյ, հազիւ թէ յայտնի է հայ եւ միջազգային հանրութեան։
Համեմատաբար անյայտ այս դատավարութիւնը յարուցուած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին կողմէ, եօթը տարի առաջ:
Վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին, Պոլսոյ մէջ հայկական թերթի մը հրապարակած լուրը կը վերաբերէր Երուսաղէմի պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանի՝ Թուրքիա կատարած բազմաթիւ այցելութիւներուն ընթացքին, երկրին մէջ գտնուող պատրիարքարանի կալուածներուն վերաբերեալ հայցերուն: Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին կողմէ յայտարարութիւններ չեն եղած, եւ հայկական մամուլին մէջ ոչ մէկ հարցազրոյց հրապարակուած է այս դատական կարեւոր գործին մասին:
Թուրքիոյ մէջ Երուսաղէմի պատրիարքարանի դատական գործին վերաբերեալ առաջին գլխաւոր նորութիւնը հրապարակուեցաւ թրքական «Հիւրրիէթ» թերթի 2 Հոկտեմբեր 2019ի թիւով:
«Հիւրրիէթ»ը հաղորդեց, որ Սահմանադրական դատարանը (Թուրքիոյ բարձրագոյն դատարանը) 12 Սեպտեմբեր 2019ին որոշեց, որ Թուրքիոյ ստորին ատեանի դատարանը խախտած է Հայոց պատրիարքարանին իրաւունքները՝ մերժելով պատշաճ մուտք դատարան հայցադիմումի ներկայացման համար (Սահմանադրութեան 36րդ յօդուած): Սահմանադրական դատարանը յայտարարեց, որ ստորին ատեանի դատարանը բաւարար չափով չէ քննած հայկական դիմումին պահանջները:
Երուսաղէմի Սուրբ Յակոբեանց Հայ առաքելական աթոռը (Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը) 26 Օգոստոս 2016ին հայց ներկայացուցած էր Անգարայի դատարանին՝ ձգտելով վերատիրանալ Թուրքիոյ մէջ իր կալուածներուն: Թրքական փաստաթուղթերուն մէջ յղում կը կատարուի Երուսաղէմի պատրիարքարանի Սուրբ Յակոբեանց միաբանութեան՝ իբրեւ «Մար Եաքուպ», որ Սուրբ Յակոբեանցի թրքերէն (արաբերէն-Խմբ.) թարգմանութիւնն է: Երկու տարբեր անունները շփոթ յառաջացուցած էին դատարանին մէջ՝ նշեալ կալուածներուն սեփականատիրոջ իսկական ինքնութեան մասին:
Սահմանադրական դատարանը հայցը վերադարձուց Անգարայի դատարանին՝ պահանջելով, որ ստորին ատեանի դատարանը վերանայի այս հարցին՝ յաւելեալ քննութիւններ կատարելով: Եթէ ստորին ատեանի դատարանը վերանայի իր աւելի կանուխ կատարած մերժումին, այդ մէկը դուռ պիտի բանայ դատական հետապնդումի՝ Թուրքիոյ դատական համակարգին միջոցով:
Անցեալ շաբաթ ես պատիւը ունեցայ հեռաձայնային զրոյց մը ունենալու Նուրհան արք. Մանուկեանի հետ, դատական գործի կարգավիճակին մասին: Որքան յայտնի է ինծի, ասիկա առաջին հարցազրոյցն էր, զոր սրբազանը շնորհած էր լրատուական միջոցի ներկայացուցիչի մը, այս հարցի վերաբերեալ: Ան տեղեկացուց, որ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանը միա՛յն Պոլսոյ մէջ ունէր մօտաւորապէս 1200 կալուածներ: Պատրիարքարանը ամբողջ Թուրքիոյ մէջ ունէր նաեւ տասնեակ այլ կալուածներ, որոնք կառավարութեան կողմէ բռնագրաւուած էին 1915ին, Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին:
Նուրհան պատրիարքը նշեց, որ 1950ին, Թուրքիոյ Եալովա քաղաքին մէջ, Երուսաղէմի պատրիարքարանի սեփականութիւնը հանդիսացող շատ մեծ եւ արժէքաւոր կալուած մը թրքահայու մը կողմէ ծախուած է թուրքի մը, որ աւելի ուշ փախած է Միացեալ Նահանգներ: Պատրիարքը ըսաւ, որ ինք շահագրգռուած է դատական հայց յարուցելու այդ հայուն ժառանգորդներուն դէմ:
7 Օգոստոս 1973ին, Թուրքիոյ Հիմնարկներու գլխաւոր տնօրէնութիւնը (վաքըֆ) ի սկզբանէ Երուսաղէմի կալուածները ընդգրկած էր իր ցանկին վրայ: Երբ որոշուեցաւ այդ կալուածները հիմարկի գլխաւոր վարչութեան ենթակայութենէն դուրս բերել, Երուսաղէմի պատրիարքարանը 19 Յուլիս 2012ին դատական հայց ներկայացուց, սակայն թրքական դատարանը մերժեց դիմումը:
Թէեւ պատրիարքարանը շահեցաւ բողոքելու իրաւունքը, սակայն դատարանը մերժեց այդ որոշումը…
Սահմանադրական դատարանը յայտարարեց, որ այս պահուն կարիք չկայ քննելու Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին կողմէ պահանջուող կալուածներու սեփականութեան իրաւունքը:
Այնուհետեւ, Սահմանադրական դատարանը որոշեց, որ «նախքան փաստաթուղթերը եւ գրառումները, մասնաւորապէս՝ նախքան դատական գործի վարչական քննութիւնները դատարան ներկայացնելը, պէտք է կարելի ըլլայ պարզել, թէ արդեօք եղա՞ծ է երկրորդ հիմնարկ մը, թէ ոչ: Առանց այդ բոլոր հարցերուն պարզաբանման եւ առանց այդ բոլոր անհրաժեշտ քննութիւններու իրականացման, դատական դիմումը մերժելը մեծ անյարմարութիւն յառաջացուցած է դիմողին (պատրիարքարան) համար, եւ դատարան դիմելու անոր իրաւունքի գործընթացին միջամտելը եղած է բաւական ծանրակշիռ: Այս մերժումով կը խախտուի Սահմանադրական դատարանի 36րդ յօդուածը՝ դատական կարգով մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը»:
Ասիկա կարեւոր դատավարութիւն է ոչ միայն Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին, այլեւ ամբողջ հայ ժողովուրդին համար: Հայցադիմումով պահանջուող հսկայական թիւով՝ 1200 կալուածները, զայն կը դարձնեն խիստ արժէքաւոր, յատկապէս նկատի ունենալով կալուածներուն վայրը՝ Պոլսոյ, Թուրքիոյ ամէնէն նշանաւոր քաղաքին մէջ:
Թէեւ դեռ շատ շուտ է խօսիլ այս դատական գործընթացին վերջնական արդիւնքներուն մասին, հաւանական է, որ պատրիարքարանը վերատիրանայ 1200 կալուածներէն մէկ մասին, եթէ ոչ բոլորը, Թուրքիոյ կառավարութիւնը կրնայ թոյլ չտալ այդ գոյքին վաճառքը եւ եկամուտներու դուրս բերելը Թուրքիայէն, թոյլ տալով միայն գոյքի օգտագործումը կամ անոր վարձակալութիւնը ուրիշներու կողմէ: Ստացուած եկամուտը այնուհետեւ կրնայ օգտագործուիլ Թուրքիոյ հայկական դպրոցներու եւ եկեղեցիներու աջակցութեան նպատակով:
Այնուամենայնիւ, եթէ ստորին ատեանի դատարանը եւ Սահմանադրական դատարանը որոշում տան ընդդէմ Հայոց պատրիարքարանին, վերջինս կրնայ աւելի ուշ դատական հայց ներկայացնել Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանին:
Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը նոյն ծրագիրին հետեւելու գործընթացին մէջ է. իր հայցադիմումը մերժուեցաւ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանին կողմէ, որովհետեւ հայցը ուղղակիօրէն ներկայացուած էր Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին՝ շրջանցելով Թուրքիոյ ստորին ատեանի դատարանը: Կաթողիկոսարանը այժմ իր հայցը կը վերաներկայացնէ Թուրքիոյ ստորին ատեանի դատարանին:
Այս երկու դատավարութիւններուն մասին թրքական դատարաններու, անհրաժեշտութեան պարագային, նաեւ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի որոշումը պէտք է վերադասաւորէ Թուրքիայէն հայկական պահանջներու օրինական հետապնդման օրակարգը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան պարզ ճանաչումէն աւելի անդին երթալով:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ