ՓԻՔՕ ՌԻՎԵՐԱ.- Հայերու նախնիները գտնելով հետաքրքրուած խումբ մը հայորդիներ Արեւելեան Ամերիկայի մէջ քանի մը խորհրդաժողովներ կազմակերպած են արդէն 2016էն սկսեալ։
Առաջին անգամն ըլլալով, նման խորհրդաժողով մը տեղի պիտի ունենայ Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ, Նոյեմբեր 15-16ին, Ազգային Մեսրոպեան վարժարանի սրահին մէջ։
Խորհրդաժողովին համահովանաւորողներն են՝ ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէն, «Յուշամատեան» կայքը (Houshamadyan.org), Հայագիտական ուսմանց եւ ուսումնասիրութեանց ազգային միութիւնը եւ «Project Save»ը։
Ազգային Մեսրոպեան վարժարանի հասցէն է՝ 8420 Beverly Rd, Pico Rivera, CA 90660։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ այցելել www.armeniangenealogy conference.com/2019-conference/ կայքը։