ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած եւ 18էն 19 Հոկտեմբերին տեղի ունենալիք խորհրադաժողովին երկրորդ օրուան յայտագիրը յստակացած է։
Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք՝ խորհրդաժողովին առաջին օրը պիտի բացուի լրատուամիջոցներու մէջ հայ կանանց դերին նուիրուած քննարկումով, որուն պիտի մասնակցին Սոնա Մովսէսեան, Արաքսիա Կարապետեան, Աննա Խաչիկեան, Էլլա Սողոմոնեան եւ Էլինա Աբովեան: Քննարկումի աւարտին տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն եւ ներկաները պիտի վայելեն «Պէյ Ռու»ի երաժշտական կատարումները։
Խորհրդաժողովի երկրորդ օրուան առաջին նիստը նուիրուած է «Հայրենիքի եւ Սփիւռք» նիւթին։ Քննարկումին պիտի մասնակցին Զարեհ Սինանեան, Տարօն Լիզակուպ, դոկտ. Անդրանիկ Գասպարեան եւ Ներսէս Քոփալեան. համադրողն է՝ Արա Խաչատրեան։
Երկրորդ նիստին նիւթն է՝ «Քաղաքացիական Աշխուժութիւն». քննարկումին պիտի մասնակցին՝ Ալեքս Փըպիա, Քեթրին Ռիվիրէ Հերնանտեզ, Տին Լոկըն, իսկ համադրողն է՝ Արամ Համբարեան։
Յաջորդ քննարկումին նիւթն է՝ «Արցախ եւ Քաղաքական Աշխուժութիւն»։ Քննարկումին պիտի մասնակցին՝ Արմինէ Ալեքսանեան, Ամասիա Զարգարեան եւ Սիմոն Մաղաքեան։
Վերջին քննարկումը նուիրուած է՝ «Թուրքիա եւ Հայոց Ցեղասպանութիւն» նիւթին, մասնակցութեամբ՝ Անի Յովհաննէսեանի, դոկտ. Հեղնար Ուաթընփաուի եւ դոկտ. Խաչիկ Մուրատեանը. համադրողն է՝ իրաւաբան Էտվին Մինասեան:
Ներկաները պիտի վայելեն նաեւ «Էլեմընթ»ի երաժշտական կատարումները։
Խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ Փասատինայի Խորհրդաժողովներու կեդրոնին մէջ (300 E. Green St., Pasadena, CA 91101). Ուրբաթ օր, երեկոյեան ժամը 7։30էն սկսեալ, իսկ Շաբաթ՝ առաւօտեան ժամը 10էն։
Խորհրդաժողովին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար՝ այցելել https://bit.ly/2m5C2bN կայքէջը։