ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի դատապարտեց Իրանի դէմ շարունակուող ամերիկեան պատժամիջոցները եւ զանոնք որակեց «տնտեսական ահաբեկչութիւն» ու «մարդկութեան դէմ ոճիր»: Ան նկատել տուաւ, որ մեծ ամօթ էր Միացեալ Նահանգներու միջազգային հիւլէական համաձայնութենէն դուրս գալը, եւ այս ամօթը աւելի կը մեծնայ, որովհետեւ համաձայնութիւնը հաստատուած էր ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ։
Ան դիտել տուաւ. «Միացեալ Նահանգներ ենթարկուեցաւ ծայրայեղականներու, Սէուտական Արաբիոյ ու սիոնական գոյացութեան ճնշումներուն եւ դուրս եկաւ հիւլէական համաձայնութենէն՝ առանց պատճառի եւ արդարացման»:
Ռոհանի նկատել տուաւ, որ Իրանի ժողովուրդը յաջողութեամբ դէմ կը դնէ պատժամիջոցներուն, որովհետեւ անոր գիտնականները, արարողները, արտադրողները եւ ուսումնասիրողները իրենց ճիգը կրկնապատկած են, հակառակ աննախադէպ տնտեսական ճնշումներուն «եւ շուտով արդէն Իրան պիտի հասնի ամբողջական ինքնաբաւութեան»:
Ան նաեւ դրուատեց Իրանի բարեկամները, որոնք Իրանի կողքին կը կանգնին։