
Ուրբաթ, 4 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Սան Ֆերնանտօ հովիտի «Մելքոնեան» Հայ կեդրոնի «Թիթիզեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շրջանի Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած մշակութային երեկոն, որ նուիրուած էր Լեւոն Շանթի ծննդեան 150ամեակին:
Ձեռնարկին ներկայ էին մեծ թիւով համազգայնականներ եւ մշակութասէրներ, որոնք եկած էին վայելելու գեղեցիկ եւ յիշատակելի երեկոյ մը:
Մասնաճիւղին ատենապետը՝ Մարալ Դարբինեան բարի գալուստի եւ շնորհակալութեան խօսքերով բացումը կատարեց երեկոյին՝ շեշտելով. «Այս տարի հայ մեծանուն բանաստեղծ, թատերագիր, ուսուցիչ եւ ազգային գործիչ Լեւոն Շանթի ծննդեան մէկ ու կէս դարու յիշատակի եւ ոգեկոչման տարին է. սոյն ձեռնարկը նուիրուած է այս մեծ հանճար հայուն»: Ան նաեւ ամփոփ կերպով անդրադարձաւ Համազգայինի առաքելութեան, որմէ ետք ներկայացուց օրուան առաջին խօսք առնողը՝ ծանօթ հրապարակագիր-մտաւորական Սարգիս Մահսէրէճեանը, որ իր կարգին շնորհաւորեց մասնաճիւղը, որ կը նշէր յոբելենական այս թուականը:
«Շանթի համար կ՛արժէ, որ աւելի լայն տարողութեամբ ձեռնարկներ կամ գիտաժողովներ կազմակերպուին եւ այս երեկոն առիթ է խոնարհելու մեր նորագոյն պատմութեան հանճարներէն մէկուն յիշատակին առջեւ», ըսաւ ան:

Ապա, ան ամփոփ կերպով ներկայացուց Շանթի կենսագրականը եւ ստացած ուսումը՝ նշելով. «Ան ծնած է Պոլիս եւ տարեկից է Կոմիտասի ու Թումանեանի նման հանճարներու: Իսկ ուսումը ստացած է Էջմիածինի ճեմարանը, յետոյ քանի մը փուլով՝ Եւրոպա: Հետեւած է փիլիսոփայութեան, մանկավարժութեան, հոգեբանութեան, հաշուապահութեան, թատրոնի եւ դիւանագիտութեան ճիւղերուն: Ընդհանրապէս եղած է ազատ ունկնդիր, ստացած է միայն մէկ պաշտօնական վկայական՝ հաշուապահութեան մէջ: Իր ուսումնառութիւնը կարելի է նմանցնել մեղուի մը աշխատանքին, որ տարբեր ծաղիկներէ նեկտար կը հաւաքէ մեղր պատրաստելու: Շանթի մեղրը իր վէպերն ու թատերական գործերն են»:
Մահսէրէճեան շատ հետաքրքրական կերպով խօսեցաւ Շանթի առաջին յիսուն տարիներուն մասին, որոնք եղած էին անվերջ շրջագայութիւն մը Պոլիսէն՝ Եւրոպա, անկէ Կովկաս՝ Թիֆլիս, Երեւան եւ այլ շրջաններ: Շանթ Թիֆլիսի մէջ եղած էր մէկ անդամը Թումանեանի «Վերնատուն»ին, միաժամանակ անդամակցած՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան: Ան նաեւ յիշեց, որ Շանթ Պոլիսէն 1913ին անգամ մը եւս Եւորպա գացած էր ուսումը շարունակելու, երբ իր գրած գիրքերէն դրամ ապահոված էր: Այդ ճամբորդութիւնը զինք փրկած էր 1915ի Ցեղասպանութենէն: Իսկ Ա. Հանրապետութեան շրջանին, ան եղած էր խորհրդարանի անդամ: Աւելի ուշ, 1920ին, Շանթ մաս կազմած էր համայնավարացած Ռուսիոյ հետ բանակցելու գացած Հայաստանի պատուիրակութեան: Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, համայնավարներուն կողմէ բանտարկուած էր Երեւանի մէջ, եւ հոն 1921ին երկրորդ անգամ ըլլալով մահէ փրկուած էր՝ շնորհիւ Փետրուարեան ապստամբութեան: Հանրապետութեան անկումէն ետք, անցած էր Պարսկաստան, անկէ Եւրոպա եւ Եգիպտոս, ուր Աղբալեանի նման հանճարներու հետ 90 տարի առաջ, 1929ին հիմնած էր Համազգայինը, ապա նաեւ Պէյրութի Ճեմարանը, որուն տնօրէնը եղած է աւելի քան 20 տարի, մինչեւ մահը: Ճեմարանի կողքին, ան հիմնած էր նաեւ տպարան:

Անդրադառնալով Շանթի գրական վաստակին՝ Մահսէրէճեան յիշեցուց, թէ Շանթ հեղինակած էր վէպեր, թատերական գործեր, դասագիրքեր եւ մանկավարժական նիւթեր:
Խօսելով Շանթի գրական արժանիքին եւ կոչումին՝ ան ըսաւ. «Շանթ կրնաք կարդալ մեծ հաճոյքով, պայմանաւ, որ մէկդի ձգէք հեքիաթ կարդալու տրամադրութիւնը եւ ձեր միտքը, մտածելու կարողութիւնը ի գործ դնէք, կամուրջ ստեղծէք իր մտածումներու տիեզերքին հետ, պիտի տեսնէք, թէ որքան համով է անոր փեթակին մեղրը»:
Երեկոյին երկրորդ խօսք առնողն էր ծանօթ գրող, մտաւորական եւ վաստակաշատ ուսուցիչ Գէորգ Պետիկեան, որ շնորհաւորելէ ետք մասնաճիւղը՝ ըսաւ, թէ ինք պիտի անդրադառնայ միայն վիպագիր եւ թատերագիր Շանթին, ու այս առթիւ անոր երկու գործերուն:
«Շանթ, իբրեւ յարատեւ աշխատանքի հաւատացող հայ մեծ տաղանդ, իր գրականութիւնը հասցուցած էր նախանձելի բարձրութեան», ըսաւ Պետիկեան եւ աւելցուց. «Իր բոլոր վիպակներուն մէջ կան ընդհանրապէս սէր-ձգտում-հակադրութիւն, հոգեբանական հարուստ դրուագներ, քնարական ջերմութիւն, կին հերոս եւ անոր ներաշխարհին իմացութիւը: Շանթ իրապաշտ գրող մըն է, որ կը սիրէ կեանքին վսեմը, գեղեցիկն ու արժէքաւորը»:
Անցնելով «Հոգիները Ծարաւի» վէպին՝ Պետիկեան յիշեց, թէ Շանթի այս գործը, զոր գրած էր 1945ին, իր կեանքի վերջին տարիներուն։ Անիկա իրապաշտ վէպ մըն է՝ վերցուած յուզիչ կեանքի մը փորձառութենէն: Վէպ մը, որուն կերպարներուն միջավայրը հայ կեանքն է, հայ ընտանիքը եւ անոր արդիականութիւնը ու անոր նկարագրերու զանազանութեան պատմութիւնը, ըսաւ ան:
Ապա խօսելով վէպին նիւթին մասին, Պետիկեան ըսաւ. «Թէեւ ընտանիքը սրբութիւն է, բայց մարդուս կամքի թուլութիւնը, անձնասիրութիւնը, կիրքն ու եսասիրութիւնը առիթ կու տան, որ իբրեւ հին իրաւունք, ուրիշի ընտանիքի փլատակներուն վրայ ան հիմնէ իր նոր ընտանիքը: Եւ ահա ընտանեկան աղմուկ-ողբերգութիւն-տագնապ»:

Անցնելով Շանթի թատրերգութեանց եւ մանաւանդ անոր «Հին Աստուածներ»ուն՝ Պետիկեան յիշեցուց, թէ Շանթի թատերական ստեղծագործութիւններուն գլխաւոր նպատակը եղած է թատրերագրական իր նորութիւններով եւ մանաւանդ հզօր ելոյթներով, վերականգնել ազգային մեր ոգին եւ շունչը: Ան կողք-կողքի շարած է մեր կեանքն ու պատմութիւնը, մեր պատմական շարժումները եւ անոնց հետքրքրական ընթացքը ու իր էջերը գեղեցկուցած է իր խոհուն եւ հայրենասիրական վրձինով, լեզուով ու հաճելի ոճով: «Հին Աստուածներ»ը գրած էր 1909ին, նոր որակ բերելով մեր գրականութեան մէջ, զայն հարստացնելով մարդու ներաշխարհը արտայայտող բարձր եւ հմայիչ արուեստով:
«Պատմական տրամա մըն է այս մէկը, որ օրին թարգմանուեցաւ զանազան լեզուներու, ռուսերէնէն սկսեալ: Իսկ նիւթը 9րդ դարէն վերցուած դէպք մըն է. մեզմէ առաւել քան հազար տարի առաջ պատահած, ուր հեղինակը շատ պարզ եւ գեղեցիկ կ՛արտայայտէ աշխարհիկ եւ հոգեւոր սկզբունքներու հակադրութիւնը եւ անոնց իրարու դէմ բախումը», ըսաւ ան:

Ապա ծանօթ ասմունքող Մարալ Վարժապետեան բեմականացած ընթերցումներ կատարեց «Հին Աստուածներ»էն, մեծապէս տպաւորելով ներկաները:
Ձեռնարկին գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին Կարօ Այրումեան՝ «Մայրս», «Հայաստանս» եւ «Կեանք եւ Կռիւ» երգերով, որմէ ետք անոր քոյրը՝ Լիանան, «Մախմուր աղջիկ»ով: Մեներգողներուն դաշնակի վրայ ընկերացաւ իրենց հայրը՝ Արամ Այրումեան:
Աւարտին, մասնաճիւղի փոքրերու «Արեւիկ» պարախումբը, ղեկավարութեամբ պարուսոյց Լիլիա Մարգարեանի՝ հրամցուց հայկական գեղեցիկ պարեր, առաւել խանդավառելով սրահը:
Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին ներկաները երկարօրէն զրուցեցին օրուան խօսք առնող մտաւորակններուն հետ: Վարձքը կատար բոլորին:
(Թղթակցութիւնը՝ մասնաճիւղէն)