ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 19 Հոկտեմբերին, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Օրորա» մրցանակի 2019ի մրցանակաբաշխութիւնը եւ յայտարարուեցաւ յաղթողին անունը: 72 երկիրներէ առաջադրուած 719 յաւակնորդներէն յաղթող նկատուեցաւ Միրզա Տինայի: Ան «Լիւֆթպրիւք Իրաք» («Օդային կամուրջ») կազմակերպութեան համահիմնադիրը եւ տնօրէնն է: Մարդասիրական կազմակերպութիւնը Իրաքէն Գերմանիա կը տեղափոխէ ՏԱԷՇ ահաբեկչական խմբաւորման բարբարոսութիւններէն տուժած եզիտիները եւ կը ցուցաբերէ բժշկական օգնութիւն: Ան օգնած է հարիւրաւոր կիներ՝ ՏԱԷՇէն փախուստ տալու եւ աւելի ապահով վայրեր փոխադրելու զանոնք։ Ինք անձամբ ներգրաւուած է այս աշխատանքին մէջ՝ ջուր եւ ուտելիք հասցնելով մեկուսացման մեջ գտնուող եզիտիներուն:
Տինայի հաստատած է երեք կազմակերպութիւններ, որոնք բժշկական օգնութիւն տրամադրած են ՏԱԷՇ ահաբեկչական կազմակերպութեան զոհ դարձածներուն, անոնք են՝ «Լիւֆթպրիւք Իրաք» (Luftbrcke Irak) կազմակերպութիւնը, «ՍԻՏ» հիմնարկը (SEED Foundation) եւ «Շայ» հիմնադրամը (Shai Fund):
«Օրորա» մրցանակի տուչութեան մասնակցեցաւ եւ խօսք առաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ հաստատեց, թէ «Օրորա» նախաձեռնութիւնը կարեւոր տեղ կը գրաւէ Հայաստանի կեանքին մէջ։
«Հպարտութեամբ կարող ենք ասել, որ «Աւրորա»ն այսօր համաշխարհային լայն ճանաչում է ստացել եւ լաւագոյնս նպաստում է աշխարհում հայ ժողովրդի հեղինակութեան բարձրացմանն ու ճանաչելիութեան ընդլայնմանը: Ստեղծուելով որպէս Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերի յիշատակը անմահացնելու միջոց, «Աւրորա» մրցանակաբաշխութիւնը փառաբանում է մարդասիրութիւնը, քաջալերում խաղաղութիւնը եւ մարդկութեան առաջընթացին ծառայելու անմնացորդ նուիրումը: «Աւրորա»ն դարձել է մեր ժողովրդի իւրատեսակ ներդրումը մարդու իրաւունքների եւ հումանիզմի (մարդասիրական-Խմբ.) գաղափարների տարածման ու ամրապնդման համար աշխարհում: Այն, եթէ թոյլ տաք ասել, դարձել է մեր խաղաղութեան համար շնորհուող Նոբելեան մրցանակը», ըսաւ Փաշինեան:
Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ այս օրերուն ժամանակակից աշխարհի մէջ բազմացած են տագնապները եւ պատերազմները, իսկ այս մրցանակաբաշխութիւնը այն գործիքներէն է, որ իսկապէս կարեւոր ներդրում կը կատարէ մարդկային ողբերգութիւններու կանխարգիլման եւ խաղաղութեան հաստատման համար:
«Աւրորա»ն սատարում ու մեծարում է այն անհատներին, ովքեր անտեսելով բոլոր դժուարութիւններն ու վտանգները գործում են յանուն մարդկային կեանքի, առողջութեան, արժանապատուութեան, իրաւունքների պաշտպանութեան, խաղաղութեան», դիտել տուաւ ան:
Խօսքը ուղղելով մրցանակակիրին՝ վարչապետ Փաշինեան ըսաւ. «Պարոն Դինայինի, մենք երախտապարտ ենք ձեզ: Այն ինչ դուք անում էք Իրաքում մեր բարեկամ եզդի ժողովրդի համար մեզ յիրաւի յիշեցնում է մէկ դար առաջ, Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներին, արեւմտեան միսիոներների եւ առանձին անհատների գործունէութիւնը, որի շնորհիւ հնարաւոր եղաւ հազարաւոր հայերի կեանք փրկել: Հայաստանի եզդի համայնքի անունից եւս մեր երախտագիտութիւնն եմ յայտնում ձեզ:
«Դժբախտաբար, Մերձաւոր Արեւելքի շատ ժողովուրդներ վերջին տարիներին անցնում են մեծ դժուարութիւնների միջով՝ յաճախ յայտնուելով ողբերգական իրադարձութիւնների յորձանուտում: Ցաւօք, մինչ այսօր խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը վերջնական չեն յաղթանակել այդ տարածաշրջանում:
«Սակայն ձեր եւ ձեզ նման անձնուրաց մարդկանց գործունէութիւնը լաւատեսութեան եւ տարածաշրջանում կայուն ապագայի յոյս է ներշնչում: Մաղթում եմ ձեզ ուժ եւ եռանդ՝ ձեր կարեւոր մարդասիրական առաքելութիւնը շարունակելու համար», եզրափակեց վարչապետ Փաշինեան՝ նոր յաջողութիւններ եւ յարատեւութիւն մաղթելով այս մրցանակին։