ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՄԸՄի 12րդ Պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ 14էն 19 Հոկտեմբերին, Ծաղկաձորի մէջ, Հայաստան: Ժողովին մասնակցեցան 75 իրաւասու ձայնով քոյրեր եւ եղբայրներ, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ ՀՄԸՄի մօտ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Խաչերեան, Իրանի Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Հարմիկ Զովելեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան, ինչպէս նաեւ խորհրդակցական ձայնով Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, ի պաշտօնէ Կեդրոնական վարչութեան գործավարներ, «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիրը, յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ, երիտասարդական համագումարի եւ Կեդրոնական վարչութեան ու շրջաններէ հրաւիրեալներ, ընդհանուրը՝ 110 հոգի:
Ժողովը գոհունակութեամբ ողջունեց Արցախի, Թիֆլիսի եւ Մոսկուայի նորակազմ շրջանները, որոնք միութեան մեծ ընտանիքին մասնաճիւղերուն թիւը բարձրացուցին 110ի:
Ժողովը համապարփակ քննութեան ենթարկեց ՀՄԸՄի անցնող չորս տարիներու սերնդակերտման եւ հայակերտման աշխատանքները, գնահատեց կատարուած իրագործումները եւ ապագայի հաշուոյն մշակեց նոր ծրագիրներ:
Պատգամաւորական ժողովը լայնօրէն անդրադարձաւ ՀՄԸՄի սկաուտութիւնը, մարզական կեանքը եւ երիտասարդութիւնը յուզող հրատապ հարցերուն եւ համապատասխան որոշումներով քայլեր առաջադրեց անոնց լուծման թափ տալու նպատակով:
Ժողովը քննեց նաեւ միութեան կազմակերպական ընդհանուր իրավիճակը եւ ընդգծեց ՀՄԸՄի Հայաստանի, Արցախի եւ աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերուն աշխատանքային դաշտերը ընդլայնելու կարելիութիւնները: Օրակարգի նիւթ դարձան նաեւ կանոնագիրի տրամադրութիւններու կարգ մը բարեփոխումներ եւ միութեան «Մարզիկ» պաշտօնաթերթին եւ կայքին զարգացման վերաբերող ծրագիրներ:
Ժողովը մանրամասնօրէն քննելով՝ անդրադարձաւ անցնող քառամեակին ընթացքին միութեան համաՀՄԸՄական 10րդ մարզական խաղերուն, ՀամաՀՄԸՄական 11րդ ընդհանուր բանակումին եւ միութեան 100ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն:
Ժողովը արժեւորեց նաեւ միութեան առաջին երիտասարդական համագումարին եւ անկէ բխած թելադրանքներուն: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ՀՄԸՄի նորօք ստեղծուած հիմնադրամին:
Պատգամաւորական 12րդ Ընդհանուր ժողովը շեշտեց միութեան եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի դիմագրաւած համաշխարհայնացումին եւ քաղքենիացումին ահարկու վտանգներուն դէմ դնելու անհրաժեշտութիւնը:
Ժողովը անդրադարձաւ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանի թրքական ներթափանցումի քայլին եւ այդ իմաստով հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը՝ առ ի զօրակցութիւն սուրիահայութեան եւ յատկապէս ՀՄԸՄի Գամիշլիի մասնաճիւղին:
Իր աշխատանքներուն աւարտին, ժողովը ընտրեց յառաջիկայ քառամեայ նստաշրջանի նոր Կեդրոնական վարչութիւնը եւ Ընդհանուր ժողովի դիւանի ներկայութեան դիւանը կազմեց հետեւեալ ձեւով. Վաչէ Նաճարեան՝ ատենապետ (Լիբանան), Վիգէն Աւագեան՝ ատենադպիր (Լիբանան), Թալին Օրտողլեան՝ գանձապահ (Լիբանան), Մանուկ Քէօշկէրեան (Սուրիա), Դաւիթ Յակոբեան (Հայաստան), Օշին Փիրումեան (Հայաստան), Հրաչ Սիսեռեան (Ֆրանսա), Ֆետի Թաժրա (Շուէտ), Մոսիկ Թոփուզեան (Գանատա), Վահէ Թանաշեան (Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ), Արմանտ Քիլիճեան (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ), Արմանտօ Թորգոմեան (Հարաւային Ամերիկա) եւ Տիրան Վահրատեան (Աւստրալիա)։
Congratulations to the New Homenetnen Central Board.