ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան Եւրոպայի խորհուրդի անդամ պետութիւններու խորհրդարաններու նախագահներու համաժողովի ծիրին մէջ, 24 Հոկտեմբերին Սթրազպուրկի մէջ հանդիպում ունեցաւ Աւստրիոյ Ազգային խորհուրդի նախագահ Վոլֆկանկ Սոպոթքայի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ միջխորհրդարանական համագործակցութեան աշխուժացման անհրաժեշտութեան, նաեւ՝ բարեկամական խումբերու մակարդակի վրայ:
Անդրադառնալով Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած համաձայնագիրի վաւերացման՝ Արարատ Միրզոյեան յոյս յայտնեց, որ Աւստրիոյ նորընտիր խորհրդարանը շուտով կը վաւերացնէ զայն, իսկ ի պատասխան՝ Վ. Սոպոթքան հաստատեց, որ որեւէ խոչընդոտ գոյութիւն չունի զայն վաւերացնելու համար:
Ա. Միրզոյեան նշեց, որ Հայաստանի մէջ կատարուող ժողովրդավարական բարեփոխումներուն Եւրոպական երկիրները կրնան սատարել Եւրոպական Միութեան հետ վիզաներու ազատականացման շուրջ երկխօսութեան մեկնարկով՝ յոյս յայտնելով, որ այս առումով Աւստրիան իր քաղաքական աջակցութիւնը կը բերէ:
Այս հարցը քննարկումի նիւթ դարձաւ նաեւ Հայաստանի մէջ՝ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Անտրիա Վիքթորինի հետ, որ վիզաներու ազատականացման համար բարձր գնահատեց անդամ պետութիւններուն հետ երկկողմանի աշխատանքը։
Ան ողջունեց եւ բարձր գնահատեց Հայաստանի՝ միակողմանի որոշումը, առանց վիզաներու մուտքի արօնութիւն տալու Եւրոպական Միութեան քաղաքացիներուն: համար որոշումը: Ան նշեց, որ փոխադարձը կատարելու համար պէտք է 28 անդամ պետութիւններ միասնական դիրքորոշում ունենան, իսկ այնքան ատեն որ ատիկա չկայ, պէտք է սպասել եւ համոզել:
Դեսպանը շեշտեց՝ պէտք է հասկնալ, որ վիզաներու ազատականացումը չի նշանակեր, որ մարդիկ կրնան երթալ ու Եւրոպա մնալ շատ երկար ժամանակ կամ լծուիլ մասնագիտական աշխատանքի: «Վիզաներու ազատականացումը կը նշանակէ՝ կարենալ ճամբորդել շենկէնեան տարածքին մէջ 6 ամիսէն ոչ աւելի քան 90 օր»։ Ան կարեւոր նկատեց Եւրամիութեան անդամ պետութիւններուն վերահաստատել, որ այդ առումով Հայաստանի քաղաքացիներուն կողմէ գոյութիւն ունի լիարժէք ընկալում, ընդ որում, իրենք այդ դրական աշխատանքները կը տեսնեն։ «Վիզայի ազատականացման համար նախապայմանները թեքնիք չեն, անոնք կ՛ենթադրեն նաեւ հիմնական բարեփոխումներ: Մենք պատրաստ ենք օժանդակել Հայաստանի կառավարութեան՝ իր բարեփոխումներու գործընթացին մէջ», եզրափակեց դեսպանը: