ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մետիա».- Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Արա Բաբլոյեանի նկատմամբ մեղադրանք առաջադրուեցաւ։ Այս մասին լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ անոր փաստաբանը։ Ան մեղադրուած է երկու յօդուածներով՝ իշխանութեան իւրացում ու պաշտօնական կեղծիք։ Իբրեւ խափանման միջոց ընտրուած է ստորագրութիւնը՝ երկրէն չհեռանալու։