ՊԷՅՐՈՒԹ.- 28 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ներկայ էին Լիբանանի կրթական, մշակութային, քաղաքական, միութենական, ընկերային եւ հոգեւոր դասին մաս կազմող հայորդիներ:
Հանդիպումին ընթացքին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի խօսեցաւ երկրին վերջին իրադարձութիւններուն մասին:
Ընդհանուր կացութեան պատկերի ներկայացումէն ետք, ներկաները ուղղեցին զիրենք յուզող հարցումներ, որոնց մանրամասնօրէն պատասխանեց երեսփոխան Բագրատունի: