ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Շաբաթ, 26 Հոկտեմբերի երեկոյեան, ներկայութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան հովուապետ վեր. Պերճ ճամպազեանի, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս դեսպան Արմէն Բայբուրդեանի, հոգեւոր հովիւներու եւ գործիչներու, Փասատինայի Հայ Կեդրոնի պատասխանատուներու, Ճօ Պաղտատլեանի (որ իր թեկնածութիւնը դրած է Փասատինայի քաղաքապետական խորհուրդի 4րդ ընտրատարածքի 2020ի ընտրութիւններուն) եւ հոծ բազմութեան մը՝ տեղի ունեցաւ Փասատինայի Հայ Կիլիկիա աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 97րդ տարեդարձին տօնակատարութիւնը, եկեղեցւոյ «Հենրի եւ Անայիս Տէրեան» սրահին մէջ:
Ճաշկերոյթը սկսաւ Կիլիկիա եկեղեցւոյ վարչութեան ատենապետ Արա Ասիլեանի բարի գալուստի խօսքով:
Ապա, Արա Գուրուեան երգեց Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգները, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Եսթեր Ասիլեանի:
Օրուան հանդիսավարն էր եկեղեցւոյ վարչութեան անդամ Հելէն Հէյկ, որ ձեռնհասօրէն վարեց օրուան յայտագիրը: Բացման աղօթքը կատարեց վեր. Պերճ Ճամպազեան:
Գեղարուեստական յայտագիրին ընթացքին ջութակի վրայ յատուկ նուագներով ելոյթ ունեցաւ Մարի Հէյկ, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ալիս Տէր Գէորգեանի:
Ապա ատենապետ Արա Ասիլեան ուրախութեամբ յայտարարեց, որ Կիլիկիա եկեղեցւոյ նուիրեալ անդամ եւ եկեղեցւոյ երգչախումբի 46 երկար տարիներու վաստակաշատ խմբավար Արմէն Արոյեան յիսուն հազար ամերիկեան տոլարի իշխանական նուիրատուութիւն մը կատարած է՝ Հայ Կիլիկիա աւետարանական եկեղեցւոյ Երիտասարդաց կեդրոնին:
Օրուան բանախօսն էր դեսպան Արմէն Բայբուրդեան, որ մանրամասնօրէն անդրադարձաւ հայ ազգի իւրայատկութիւններուն, արժէքներուն, նախնիներու հաւատքին, Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ վիճակին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Միացեալ Նահանգներ այցելութեան, հայրենադարձութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն:
Այնուհետեւ, հրաւիրուեցաւ եկեղեցւոյ աւագ հովիւը՝ վեր. Սերոբ Մկրտիչեանը, որ իր խօսքին մէջ շնորհակալութեամբ անդրադարձաւ Ճաշկերոյթին բաժին բերողներուն, ներկաներուն եւ յատկապէս Արմէն Արոյեանին, իր իշխանական նուիրատուութեան համար: Ապա, վեր. Մկրտիչեան մասնաւորապէս անդրադարձաւ դեսպան Բայբուրդեանի նուիրեալ եւ անշահախնդիր ծառայութիւններուն՝ թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ Հայաստանի մէջ, ու բեմ հրաւիրեց եւ եկեղեցւոյ անունով պարգեւատրեց Դեսպան Բայբուրդեանը Հայ Կիլիկիա աւետարանական եկեղեցւոյ «Խաչքար» գնահատանքով:
Ճաշկերոյթը իր աւարտին հասաւ ներկաներու «Փառաբանութիւն» երգի երգեցողութեամբ եւ վեր. Սերոբ Մկրտիչեանի «Առաքելական Օրհնութեան» աղօթքով:
(Թղթակցութիւնը՝ եկեղեցիիէն)
Պռավօ Արմէնշ իսկապէս իշխանական է կատարածդ: Տէրը հազարապատիկ վարձատրէ եւ մանաւանդ առողջութիւն պարգեւէ: Ապրի՞ս: