Կիրակի, 27 Հոկտեմբերին, Հալէպի «Արամ Մանուկեան» Ժողովրդային տան «Լ. Շանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Սուրիոյ ԻԲ. Ներկայացուցչական ժողովը՝ օրհնութեամբ եւ ներկայութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի, ՀՅԴ Կերոնական կոմիտէի եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներուն, մասնաճիւղերու 19 լիազօր ներկայացուցիչներու, միաւորներու եւ հրաւիրեալ խորհրդակցական ներկայացուցիչներու:
Ժողովին ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրին հիման վրայ մօտէն քննուեցաւ եւ արժեւորուեցաւ նախորդ շրջանի գործունէութիւնը: Ժողովը հաստատելէ ետք յառաջիկայ շրջանի մարտավարութիւնը եւ ծրագիրները, ընտրեց Շրջանային վարչութեան հետեւեալ կազմը.
Պերճ Պօղիկեան՝ ատենապետ
Յուշիկ Ղազարեան՝ ատենադպիր
Սոնիա Գաբրիէլեան՝ գանձապահ
Անդրանիկ Մանսուրեան՝ հաշուապահ
Շանթ Ուրիշիկեան՝ խորհրդական
Յարութ Պարոնեան՝ խորհրդական
Շուշիկ Ղազարեան՝ խորհրդական
Նայիրի Կարապետեան՝ խորհրդական (Լաթաքիա)
Սեւան Մանճիկեան՝ խորհրդական (Քեսապ)
ԴԻՒԱՆ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՍՈՒՐԻՈՅ
ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ