ՓԻՔՕ ՌԻՎԵՐԱ.- Ինչպէս հաղորդած էինք, հայութեան արմատները եւ նախնիները յայտնաբերելու ու աւանդութիւններ բաժնեկցելու նպատակով, 15 եւ 16 Նոյեմբերին, Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի սրահին մէջ (8420 Beverly Rd., Pico Rivera, CA 90660) տեղի պիտի ունենայ խորհրդաժողով մը։
Իրենց նախնիները գտնելով հետաքրքրուած խումբ մը հայորդիներ Արեւելեան Ամերիկայի մէջ քանի մը խորհրդաժողովներ կազմակերպած են արդէն 2016էն սկսեալ եւ վերոյիշեալը առաջինն է, որ տեղի պիտի ունենայ Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ։
Այժմ որոշուած է նման հաւաք մը կատարել նաեւ Ֆրեզնոյի Հայ կեդրոնին մէջ (2348 Ventura St., Fresno, CA 93721), 17 Նոյեմբերին, կ.ե. ժամ 1։30-4։30։
Տեղի պիտի ունենան նաեւ «Տի.Էն.Էյ.» քննութեան նուիրուած աշխատանիստեր եւ նախիները գտնելու նպատակով համացանցային աղբիւրներու ծանօթացում։
Խորհրդաժողովները կազմակերպուած են Արեւմտեան Հայաստանի յանձնախումբին կողմէ, իսկ անոր համահովանաւորողներն են՝ Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի, ՀՅԴ Մոնթեպելլոյի եւ Ֆրեզնոյի կոմիտէները, Համազգայինը, «Յուշամատեան» կայքը (Houshamadyan.org), Հայագիտական ուսմանց եւ ուսումնասիրութեանց ազգային միութիւնը եւ «Project Save»ը։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ այցելել www.armeniangenealogy conference.com/2019-conference կայքէջը։