ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայկական ոսկրածուծի նուիրատուներու հիմնարկը կը տեղեկացնէ, թէ Կիրակի, 10 Նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Լոս Անճելըսի հռչակաւոր «Comedy Store»ին մէջ (8433 Sunset Blvd., Los Angeles, CA 90069) տեղի պիտի ունենայ կազմակերպութեան տարեկան 17րդ՝ «Ծիծաղ կեանքի համար» ձեռնարկը, որուն պիտի մասնակցին շարք մը յայտնի կատակաբաններ:
Մասնակցութեան սակը 50 կամ 100 տոլար է:
Տոմսերու կամ յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել (213) 804-0979 եւ (818) 795-1454 թիւերուն կամ այցելել www.itsmyseat.com/ABMDR կայքէջը: