ՈՒԻՆԵԹՔԱ.- Պոլսահայ միութեան մշակութային յանձնախումբին կազմակերպութեամբ՝ Կիրակի, 3 Նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ պատմաբան Ումիթ Քիւրթի «Այնթապ 1915» հատորին ներկայացումը։
Հատորը հիմնուած է հայկական, օսմանեան, բրիտանական եւ ֆրանսական արխիւներու, յուշագրութիւններու, թերթերու, հարցազրոյցներու եւ այլ վկայութեանց վրայ։ «Այնթապ 1915» գիրքը կը կեդրոնանայ կեանքին վրայ երեք յանցագործներու, որոնք կը մեղադրուին տարբեր աստիճանի ուղղակի մասնակցութիւն բերելնուն մէջ՝ հայերու տեղահանութեան եւ բնաջնջման ու անոնց ունեցուածքի թալանով, 1915-1917 թուականներուն, օսմանեան շրջանին՝ Այնթապի մէջ, իսկ այնուհետեւ Հալէպի նահանգին մէջ: Այնթապը այսօր յայտնի է՝ իբրեւ Կազիայնթապ, թուրք-սուրիական սահմանէն 45 քլմ. հիւսիս: Ոճրագործներն են՝ Ալի Ճենանի (1872-1934), Ահմետ Ֆայիկ Էրներ (1879-1967) եւ Մեհմետ Եասին Սանի Քութլուղ (1889-1973):
Ներկայացման մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։ Միութեան կեդրոնին հասցէն է՝ 19726 Sherman Way, Winnetka, CA 91306։
Յաւելալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեանին, (818) 800-1976 թիւով։