ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը (SAS) կը տեղեկացնէ, թէ Շաբաթ եւ Կիրակի, 12-13 Հոկտեմբերին, իր հիմնադրութեան 45ամեակին առիթով, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ իրականացուց հայկական Սփիւռքին նուիրուած միջազգային գիտաժողովը: Անոր մասնակցեցան Հայաստանէն, Ֆրանսայէն, Անգլիայէն, Հոլանտայէն, Գերմանիայէն, Մեքսիքայէն, Փորթուկալէն եւ Միացեալ Նահանգներու տարածքէն մտաւորականներ:
Երկօրեայ գիտաժողովը կազմակերպուած էր ի պատիւ սփիւռքեան ուսմանց եւ յատկապէս հայկական Սփիւռքի մասնագէտ Խաչիկ Թէօլէօլեանի:
Գիտաժողովի համահովանաւորողներն էին՝ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի եւ Ըրվայնի մասնաճիւղերուն, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի եւ Նորթրիճի մասնաճիւղերուն մէջ գործող հայագիտական ամպիոնները եւ ծրագիրները, ինչպէս նաեւ Հայագիտական ուսմանց եւ ուսումնասիրութեանց ազգային միութիւնը (NAASR):
Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին «Ռոլֆ» շէնքին մէջ տեղի ունեցած գիտաժողովին բացումը կատարեց հիւրընկալ համալսարանէն Սեպուհ Արսլանեան, որ ողջունեց ներկայութիւնը Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան համահիմնադիր եւ նախկին նախագահներէն Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի, որ նաեւ հիւր համալսարանին Արդի Հայոց պատմութեան ամպիոնին հիմնադիրն է։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց գիտաժողովը կազմակերպած փրոֆ. Պետրոս Տէր Մաթոսեանին եւ Պարլօ Տէր Մկրտիչեանին։
Ապա Արսլանեան ներկայացուց մեծարեալ Խաչիկ Թէօլէօլեանը՝ իբրեւ «մտաւորական, խմբագիր եւ դաստիարակ»։ Թէօլէօլեան սփիւռքեան ուսմանց ոլորտի հիմնադիրներէն մէկն է եւ հիմնադիր խմբագիրը հեղինակաւոր «Diaspora: A Journal of Trans-national Studies»ին («Սփիւռք. Անդրազգային Ուսմանց» պարբերաթերթ): Ան նաեւ Հայկական Սփիւռքի ուսմանց հիմերը հաստատած է, առաջնորդողի դեր ստանձնելով Սփիւռքին նուիրուած ուսումնասիրութեանց մէջ:
Իր կարգին, Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան ներկայ նախագահ փրոֆ. Պետրոս Տէր Մաթոսեան լուսարձակի տակ առաւ ընկերակցութեան հիմնադիրներ Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի, Տիգրան Գույումճեանի, Նինա Կարսոյեանի, Աւեստիս Սանճեանի եւ Ռապըրթ Թամսընի ունեցած կենսական դերակատարութիւնը հայագիտութեան զարգացման գործին մէջ, Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհի տարածքին, ինչպէս նաեւ ներկայացուց ընկերակցութեան նախաձեռնութիւնները։
Գիտաժողովին առաջին նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ հայութեան բազմաբեւեռ գաղթի փորձառութիւնը։ Համադրողն էր Սալբի Ղազարեան, իսկ զեկուցողներն էին Նարէ Գալստեան, Գարլոս Անթառամեան, Պորիս Աճէմեան եւ Գեղամ Մուղնէցեան։
Երկրորդ նիստը քննարկեց Սփիւռքի մշակութային արտադրութեանց եւ ընկերային յիշողութեան հարցերը, համադրութեամբ Հուրի Պէրպէրեանի եւ մասնակցութեամբ՝ Լիլիթ Քէշիշեանի, Հելէն Մախթումեանի, Դալար Շահինեանի եւ Սիլվիա Ալաճաճիի։
Յետմիջօրէին տեղի ունեցած երրորդ նիստին համադրողն էր Վահրամ Շէմմասեան եւ քննարկումի նիւթն էր՝ Սփիւռքի կառավարման հարցերը։ Զեկուցողներն էին Յասմիկ Խալափեան, Սիմոն Փայասլեան, Նարէկ Սէֆէրեան, Քրիստափոր Շեքլեան եւ Տենիըլ Ֆիթանթէ։
Շաբաթ օրուան նիստերու աւարտին, մեծարեալ Խաչիկ Թէօլէօլեան բանախօսեց «Սփիւռքներու ուսումնասիրութենէն դէպի Սփիւռքի ուսումնասիրութիւններ» նիւթով։
Գիտաժողովը շարունակուեցաւ 13 Հոկտեմբերին, Միջին Արեւելքի հայկական համայնքներուն նուիրուած նիստով մը, որուն համադրողն էր՝ Պարլօ Տէր Մկրտիչեան, իսկ զեկուցաբերները՝ Սօսէ Գասապեան, Արա Սանճեան, Ցոլին Նալպանտեան եւ Թալին Սիւճեան:
Երկրորդ նիստը նուիրուած էր «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հովանաւորութեամբ եւ Լոնտոնի Հայկական հիմնարկին կողմէ իրականցած Սփիւռքի ուսումնասիրութեան։ Զեկուցումը ներկայացուց ուսումնասիրութեան գլխաւոր պատասխանու Հրաչ Չիլինկիրեան, իսկ Ռազմիկ Փանոսեան եւ Խաչիկ Թէօլէօլեան շեշտեցին նման ուսումնասիրութեանց կարեւորութիւնը։
Վերջին նիստը նուիրուած էր Սփիւռքի քաղաքական եւ գաղափարական հարցերուն։ Համադրողն էր Մարք Մամիկոնեան, իսկ ուսումնասիրութիւններ ներկայացուցին Հրածին Վարդանեան, Վահէ Սահակեան եւ Յակոբ Կիւլլիւճեան։
Փակման խօսքը արտասանեց Փիթըր Քաուի։
Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ այցելել societyforarmenianstudies.com կայքը: