ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿն ողջունեց Երեւանի եւ Պաքուի ջանքերը՝ ապահովելու կայուն անվտանգային իրավիճակ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ: Այս մասին յայտարարեց ԵԱՀԿի Ընդհանուր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկըր՝ Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի հետ հանդիպման յաջորդած մամլոյ ասուլիսին:
Ան դիտել տուաւ, որ բանակցային գործընթացը քիչ մը դանդաղ է, սակայն իրենք յոյսով են, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն՝ ԵԱՀԿի նախարարական հաւաքի ծիրին մէջ Պրաթիսլավայի մէջ (5-6 Դեկտեմբեր) ծրագրուած հանդիպումը նոր թափ պիտի հաղորդէ գործընթացին:
Ըստ Թոմաս Կրեմինկըրի՝ կայուն անվտանգութիւն ապահովելու վերաբերող քայլերը շատ կարեւոր են, քանի որ հակամարտութեան կողմերուն մէջ մարդկային կեանքի կորուստը անթոյլատրելի է, իսկ մարդկային կեանքի պաշտպանութիւնը թէ՛ քաղաքացիական, եւ թէ ռազմական կառոյցներու պարտաւորութիւնն է: Կրեմինկըր ընդգծեց՝ վստահութեան կառուցման քայլերուն անհրաժեշտութիւնը եւ դիտել տուաւ, որ անոնց քանի մը հատը արդէն իրականացած են, մասնաւորաբար Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ ուղիղ կապի ստեղծումով: «Այս բոլորը դրական արդիւնք պիտի տան», աւելցուց ան։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Լաւրով կարեւոր նկատեց Պրաթիսլավայի մէջ նախարարական հաւաքի կարելիութիւնն օգտագործելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կողմերուն միջեւ դրական միջավայրի ապահովումը՝ մօտեցումներու մերձեցման առումով կարեւոր նկատելով Մինսկի խումբի համանախագահութեան ջանքերը։