ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի զինուած ուժերուն մէջ տեղի ունեցող բարեփոխումներու ընթացքը շատ արագացած է, իսկ ներկայ դրութեամբ անիկա շատ մեծ է։
«Բարեփոխումներ են լինում բոլոր ոլորտներում՝ թէ՛ նիւթատեխնիկական, թէ՛ սպառազինութեան ապահովման, թէ՛ այլ ուղղութիւններով», շեշտեց ան:
Անդրադառնալով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այն խօսքին, թէ առաջին անգամն է, որ 1.5 տարուան ընթացքին այդքան բարեփոխումներ կատարուած են զինուած ուժերու շարքերուն մէջ՝ ան նկատել տուաւ, որ վարչապետը խօսած է կարճ ժամանակաշրջանի համար: Ան շեշտեց՝ իսկապէս, իրականութեան մէջ կարճ ժամանակի ընթացքին բաւական մեծ փոփոխութիւններ կատարուած են, սակայն նախապէս եւս ամէն ինչ տեղքայլի մէջ չէր։
Տօնոյեան նաեւ խօսեցաւ Հայաստանի զինուած ուժերու սպառազինութեան մասին՝ հաստատելով, որ թէ՛ 2019ին, թէ՛ 2020ին տարբեր երկիրներէն ձեռք պիտի բերուին նոր ու արդիական զինատեսակներ՝ շեշտելով, որ ռուսական արտադրութեան ՍՈՒ-30ՍՄ կործանիչները Հայաստան պիտի հասնին այս տարեվերջին կամ յառաջիկայ տարուան առաջին երկու ամիսներուն։
«Ինքնաթիռները ժամանելու են կամ Դեկտեմբերին կամ Յունուար-Փետրուար ամիսներին։ Այսօր Հայաստանի զինուած ուժերը ձեռք են բերում մեծամասամբ նոր արդիականացուած զինատեսակներ: Ե՛ւ 2019ին, ե՛ւ 2020ին, թէ պայմանագրային եղանակով, թէ վարկային ծրագրերի միջոցով ձեռք են բերուելու միայն ու միայն նոր ու արդիական կարողութիւններ՝ տարբեր երկրներից», նշեց Տօնոյեան:
Անդրադառնալով պիւտճէական յատկացումներուն՝ Տօնոյեան դիտել տուաւ, որպէս պաշտպանութեան նախարար, կը փափաքի, որ անիկա կրկնապատկուի, եռապատկուի: Սակայն, հաշուի առնելով պետական պիւտճէի հնարաւորութիւնները, տնտեսական հնարաւորութիւնները, ան ներկայիս պիւտճէն նկատեց բաւարար՝ բոլոր մարտահրաւէրներուն պատշաճ ձեւով արձագանգելու համար:
Ան նաեւ խօսեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստեղծուած գործնական կապին, որ կը շարունակուի հեռախօսային ձեւաչափով: