ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրքիոյ խորհրդարանի Տիգրանակերտի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանի գրասենեակէն 8 Նոյեմբերին տեղեկացուցին, թէ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ընթացող յառաջիկայ տարուան ամավարկին վերաբերեալ քննարկումներուն ընթացքին, Փայլան, որ անդամ է Ամավարկի եւ ծրագրաւորումի յանձնախումբին, կատարեց Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման նիւթին վերաբերեալ հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Նախքան 1915ը, այս հողերուն վրայ հայեր կը բնակէին եւ իւրաքանչիւր հինգէն մէկը հայ էր այս երկրին մէջ: Իսկ հիմա նոյնիսկ մարզադաշտ մը չենք լեցներ, եթէ բոլորս ի մի հաւաքէք: Անշո՛ւշտ չշոգիացանք: Պատահեցաւ մեծ աղէտ մը, զոր դժբախտաբար 104 տարիէ ի վեր կը մերժենք՝ ուրացումի քաղաքականութեամբ. կը մերժենք խօսիլ այս մասին: Տեսէ՛ք, այլ խորհրդարաններ կը խօսին այս մասին եւ մենք կ՛ըսենք թէ թող չխօսին: Նիւթ մը, որ կը վերաբերի այս տարածաշրջանին, թող խօսուի այս տարածաշրջանին մէջ: Եթէ կայ աշխարհի վրայ միակ խորհրդարան մը, ուր այս նիւթը պէտք է խօսուի, Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովն է: Որովհետեւ մենք այս հողերուն զաւակներն ենք»: