ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութենէն արտագաղթը նուազած է։ Արդարեւ, Յունուարէն Սեպտեմբեր 2019ին մեկնած մարդոց թիւը 9857ով կը գերազանցէ Հայաստան եկածներունը, իսկ 2016ին հետ բաղդատած՝ աճը կազմած է 88.6 տոկոս:
Այս տուեալները ներկայացուց «Հայաստանի Միգրացիոն ծառայութիւնը»։
Ըստ տուեալներուն՝ Յունուարէն Սեպտեմբեր 2018ին, սահմանահատումներու մուտքերուն եւ ելքերուն տարբերութիւնը եղած է -15,695, իսկ Յունուարէն Սեպտեմբեր 2017ին, սահմանահատումներու մուտքերուն եւ ելքերուն տարբերութիւնը կազմած է -53,912։