ԵՐԵՒԱՆ.- 8 Նոյեմբերին, ՀՅԴ Սիմոն Վրացեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներ Արծուիկ Մինասեանի, Տարօն Տօնոյեանի եւ Աշոտ Սիմոնեանի մամլոյ ասուլիսը:
Բանախօսները անդրադարձան Հայաստանի ներքաղաքական վերջին զարգացումներուն ու կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի վերջին յայտարարութիւններուն:
Արծուիկ Մինասեան յայտնեց, որ Արայիկ Յարութիւնեան փորձեց երիտասարդներուն ազնիւ ընդվզման որակաւորումներ տալ այն պարագային, երբ ոլորոտին մէջ իրականացուող քաղաքականութեան հիմնական շահառուները ինքնին երիտասարդութիւնն է՝ անդրադառնալով Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը պահանջող ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչներուն եւ անոնց միացած ուսանողներու ցոյցին։
«Պարզ եւ բնական է, որ երիտասարդութիւնն իր պոռթկումն ու ընդվզումը արտայայտում է, եւ սա կրթութեան պատասխանատուի կողմից ամենատարբեր բնորոշումներով որակել, նաեւ կուսակցականացնել նշանակում է մարդը չի տիրապետում իրավիճակին, մարդը չի հասկանում թէ որտեղ է գտնւում, թէ ինչ գործառոյթներ ունի», նշեց ան։
Մինասեան ընթերցեց Արայիկ Յարութիւնեանի՝ օրէնքով սահմանուած գործառոյթները, ապա աւելցուց. «Այն ինչ անում է նա, հակառակն է այդ գործառոյթներին, այսինքն՝ ինքը գործում է հակաօրինական ընթացքով»։
ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամը վստահ է, որ երիտասարդներուն ընդվզումը փորձելով կուսակցականացնել՝ Արայիկ Յարութիւնեան նպատակ ունի թուլացնել պայքարը, որ կը վերաբերի ո՛չ թէ կուսակցականութեան, այլ ազգային գիտակցութեան, ինքնութեան։ «Պատահական չէ այս ոլորտի կարեւոր դերակատարները՝ մտաւորականները, դասախօսները նոյնպէս իրենց բողոքի ձայնն են բարձրացնում այն քաղաքականութեան առնչութեամբ, որ նախարարի կողմից դրւում է շրջանառութեան մէջ։ Նա կանխամտածուած օտարածին օրակարգի սպասարկում է իրականացնում։ Խելացի իշխանութիւնն այսպիսի ընդվզումն ընդունում է որպէս կարեւոր ազդակ, ուստի կարող ենք արձանագրել, որ այս իշխանութիւնը խելացի էլ չէ»։
Անդրադառնալով կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի յայտարարութեան՝ քրէական գործերուն վերաբերող, Մինասեան դիտել տուաւ. «Հրապարակային յայտարարում է, որ Արայիկ Յարութիւնեանը քրէական օրէնսգրքով ենթակայ է պատասխանատուութեան, թող յօդուածն ինքը որոշի։ Երկու յօդուածի այլընտրանք ունի՝ կամ սուտ մատնութեան յօդուածը, երբ յանցագործութեան մասին սուտ մատնութիւն է անում, գիտակցելով, որ իր տրամադրած տեղեկութիւնը կեղծ է կամ յանցագործութիւն է պարտկում, ծանր կամ առանձնապէս ծանր յանցագործութեան գործիքը, առիթը, թեման կանխամտածուած քողարկւում է։ Հակառակ դէպքում Արայիկ Յարութիւնեանի արտայայտած սպառնալիքներն ունեն մէկ նպատակ՝ քաղաքական շանտաժի (սպառնալիքի-Խմբ.) միջոցով փորձել իբր իրաւական մեղադրանքների տարափ տեղալ։ Այս ամէնը ցոյց է տալիս, որ մենք գործ ունենք անպատասխանատու անձնաւորութեան հետ, որը, ցաւօք, Հայաստանի իշխանութեան վարկաբեկման, հեղինակազրկման գործընթաց է սկսել։ Ի վերջոյ, փոփոխութիւնները, որոնք դրուել են շրջանառութեան մեջ, ունեն բովանդակային հակասութիւններ իրենց իսկ յայտարարած նպատակների հետ»:
Ան վստահ է՝ երիտասարդներուն ընդվզումը, բողոքն ու ցասումը աջակցութիւն կը ստանան Հայաստանի բոլոր բնակավայրերուն մէջ եւ հասարակութեան բոլոր շերտերուն կողմէ. «Մեր ազգային ինքնագիտակցութիւնը, ազգային նկարագիրը երբեք ու որեւէ Արայիկ Յարութիւնեաններ եւ օտարածին օրակարգեր սպասարկելու պատրաստ անձինք չենք կարող կոտրել»: