ՓԱՐԻԶ, «Ռոյթըրզ».- Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն կոչ ուղղեց՝ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները վերատեսութեան ենթարկելու, Եւրոպայի մէջ խաղաղութեան հաստատման եւ ցամաքամասին ռազմավարական անկախութիւնը վերականգնելու համար, քննադատելով ՆԱԹՕի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը։ Ան աւելցուց, որ ՆԱԹՕն «ուղեղային մահ» կը դիմագրաւէ:
«Եթէ կ՛ուզենք, որ Եւրոպայի մէջ խաղաղութիւն հաստատուի եւ վերականգնենք մեր ռազմավարական անկախութիւնը, պէտք է վերատեսութեան ենթարկենք Ռուսիոյ նկատմամբ մեր դիրքորոշումները: Եւրոպացիները մեծ սխալ մը պիտի գործեն, եթէ չփորձեն Մոսկուայի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնել», ըսաւ Ֆրանսայի նախագահը: