ՍՈՒՏ ԳՈՅԺ
Եւ օր մէն ալ պիտի լսեն.
Թէ մեկներ եմ այս աշխարհէն.
Տեղս պարա՛պ գտնեն պիտի,
Չտեսնեն շուքըս կենդանի:
Եւ օր մէն ալ պիտի լսեն.
Շատ պարզօրէն, թէ մեռեր եմ:
Պիտի խղճան գուցէ ինծի,
Որ կեանս ընդ միշտ «կորսնցուցի»:
Կեա՞նք է միթէ կեանքը մարմնի,
Ժամանակով երբ կը չափուի.
– Գոյութիւ՛ն է կենդանական:
Հոգիին կեանքն է կեանք միայն:
Ես այս անմա՛հ կեանքով ապրեր
Եմ մարմնիս մէջ: Ո՛չ, չե՛մ մեռեր:
Մի՛ հաւատաք մահծանուցման.
Սխա՛լ եւ սու՛տ լուր է միայն:
Զի բու՛ն կեանքի բու՛ն Տուիչին
Իր հանդիպած օրէն ասդին,
Ժագը կ’ապրի՛, ու կեանքն իր պերճ
Յաւէտ չունի վախճան ու վերջ:
Զի ան կ’ապրի կեա՛նքն Յիսուսի…
«Յիսուսահար» ԺԱԳ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ