ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հայաստանի Ազգային ժողովը փակ եւ գաղտնի քուէարկութեամբ ընտրեց Փտածութեան կանխարգիլման յանձնաժողովի անդամները: 19 Նոյեմբերին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն արդիւնքները խորհրդարանի նիստին ներկայացուց Ազգային ժողովի Հաշուիչ յանձնախումբի նախագահ Վահագն Յովակիմեան:
Փտածութեան կանխարգիլման յանձնաժողովի անդամներուն ընտրութեան համար մէկական թեկնածուներ առաջարկած էին Հայաստանի կառավարութիւնը, Ազգային ժողովի «Իմ քայլը», «Բարգաւաճ Հայաստան», «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնները եւ Բարձրագոյն դատական խորհուրդը:
Հայաստանի կառավարութեան կողմէ իբրեւ թեկնածու առաջադրուած Լիլիթ Ալեքսանեան Փտածութեան կանխարգիլման յանձնաժողովի անդամ ընտրուած է 85 թեր, 15 դէմ քուէներով, «Իմ քայլը» խմբակցութեան թեկնածու Էդգար Շաթիրեան՝ 96 թեր, 6 դէմ ձայներով, «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան թեկնածու Նարեկ Համբարձումեան՝ 71 կողմ, 31 դէմ ձայներով, «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան թեկնածու Հայկուհի Յարութիւնեան ընտրուեցաւ 90 կողմ, 12 դէմ ձայներով:
Հայաստանի Բարձրագոյն դատական խորհուրդին թեկնածուն՝ Արամայիս Փաշինեան, ընտրուեցաւ 85 կողմ, 16 դէմ ձայներով: