Ն. Պ.
Լիբանանի հայութեան փառքի օրերուն կազմաւորուած Զաւարեանական մեր սերունդին ամէնէն համարձակախօս ընկերուհիներէն էր Հուրիկ Խանճեանը, որ օրեր առաջ առ յաւէտ փակեց աչքերը՝ 72ամեայ իր կեանքի վերջին այս տարին անցընելով սաստիկ ցաւերու տառապանքին մէջ, ուղղակի լեզուն եւ խօսելու կարողութիւնը հարուածած յանկարծակի, այլեւ մահացու հիւանդութեան հետեւանքով:
Անցեալ դարու 60ականներու վերջերուն եւ 70ականներու սկզբնաւորութեան, Պէյրութի՝ քաղաքի Ժողովրդային տան մէջ եւ ՀՅԴ «Զաւարեան» Ուսանողական միութեան (որ ՀՅԴ լիիրաւ կոմիտէութեան կարգավիճակ ունէր) գաղափարական յարկին տակ, Զաւարեանականներու մեր սերունդը կը հաշուէր դաշնակցականի երդում տուած աւելի քան հարիւր ուսանող-ուսանողուհի: Նախապէս առաւելաբար ճեմարանաւարտներէ բաղկացած փոքրաթիւ միութեան իր իրավիճակէն «Զաւարեան»ը շատ արագ վերաճած էր Լիբանանի ամէնէն մեծաթիւ ու աշխոյժ ուսանողական միութեան: Հայկական բոլոր թաղամասներէն տղաք ու աղջիկներ համախմբուած էին «Զաւարեան»ի մէջ՝ ուսանողականը իրապէս վերածելով ծաղկումի բուռն շրջան ապրող լիբանահայութեան մտաւորական ապագան երաշխաւորող կռուանի:
Թէեւ թաղեկիցներ էինք Հուրիկին հետ եւ երկուքս ալ կազմաւորուած էինք Պուրճ Համուտի ծայրամասային ու հարեւան Ամանոս եւ Տորա թաղերուն մէջ, այդուհանդերձ՝ մինչեւ «Զաւարեան»ի մեր անդամակցութիւնը՝ ծանօթներ չէինք, ոչ ալ հանդիպած էինք իրարու:
Հուրիկի եղբայրներուն՝ Գարոյին եւ Արային հետ ծանօթներ էինք «Զաւարեան» աշակերտական միութեան եւ ՀՅԴ պատանեկաններու ճամբով. Արային հետ նաեւ գաղափարի մտերիմ ընկերներ էինք այդ ժամանակէն: Հուրիկը քանի մը տարիով մեր աւագն էր, բայց ինչպէս հետագային՝ իր կեանքի ողջ տեւողութեան, նաեւ ու յատկապէս այդ օրերուն, Հուրիկ անմիջական ու հաղորդական խօսակից դարձաւ բոլորիս հետ իր բաց սրտով ու մտքով, ազատ ու անկաշկանդ արտայայտուելու իր համարձակութեամբ եւ անկեղծ ու սրտցաւ մօտեցումներով՝ հանրային-միութենական մեր կեանքին ու Հայ Դատի պահանջատիրութեան առնչուած մտահոգութիւններու նկատմամբ:
Զաւարեանական մեր մտերմութեան եւ գործակցութեան ամբողջ տեւողութեան, Հուրիկ թէ՛ ժողովական իր կեանքն ու թէ կազմակերպական իր աշխատանքները յառաջ տարաւ շեշտակի սկզբունքայնութեամբ եւ ինքնահաւատարմութեամբ: Մտաւորականի փառասիրութիւններ չունէր, բայց ընթերցող ու հետեւող էր ազգային մեր առօրեան յուզող՝ հպարտութիւն առթող, բայց նաեւ տագնապեցնող եւ ընդվզում առաջացնող երեւոյթներուն ու իրադարձութիւններուն: Բառերը չէր ծամծմեր եւ համարձակօրէն կ՛արտայայտուէր թէ՛ գնահատանք արձանագրելու եւ թէ թերութիւններ կամ շեղումներ պախարակելու պահերուն:
Զաւարեանական մեր սերունդը խոր համոզումը ունէր Հուրիկի ուղղամտութեան եւ բարութեան, սրտցաւութեան եւ անշահախնդրութեան: Այդ պատճառով ալ Հուրիկին եւ անոր խմորը ունեցող մեր ընկեր-ընկերուհիներուն վստահուեցաւ պատասխանատուութիւնը մեզմէ ետք եկող կրտսերներուն դաշնակցական կազմաւորման ծայր աստիճան զգայուն եւ կարեւոր դաստիարակչական գործին:
Այդպէ՛ս, ՀՅԴ պատանեկան եւ աշակերտական միութիւններու ղեկավարման գործին մէջ, յատկապէս անոնց անմոռանալի բանակումները յաջողութեամբ պսակելու առումով՝ վաստակ եւ աւանդ նուաճեցին Հուրիկ Խանճեանն ու Մակի Խաչերեանը, Յովսէփ Սէֆէրեանն ու Յակոբ Եափուճեանը, Տիգրան Ճինպաշեանն ու Վիգէն Ս. Յովսէփեանը, Կիրակոս Խոշեանն ու Հրայր Նալպանտեանը, Ազատուհի Շիթիլեանն ու Հուրիկ Չոլաքեանը, Սերժիկ Թովմասեանն ու Սարգիս Ֆուճուրեանը՝ պարզապէս քանի մը անուններ յիշատակելու համար արժանաւոր այդ Զաւարեանականներու փաղանգէն:
Ինչպէս որ մեր սերունդի մեծամասնութեան պարագային դաշնակցականի մեր թթխմորը ներշնչուած ու շաղուած է ընտանեկան մեր միջավայրին ու հոն տիրող գաղափարական մթնոլորտին մէջ, նոյնը ճիշդ էր նաեւ Հուրիկի պարագային: Աւելի՛ն, Հուրիկին հայրը՝ ընկեր Գուրգէնը վանեցի հռչակաւոր Խանճեաններու ընտանիքէն սերած էր: Վանի Խանճեաններու շարքին կային թէ՛ դաշնակցականներ, թէ՛ Դաշնակցութեան հակադրուածներ: Այս վերջիններու շարքին էր ընկեր Գուրգէնի մերձաւոր զարմիկը՝ յայտնի պոլշեւիկ գործիչ Աղասի Խանջեանը, որ 1930ականներուն զոհ գնաց ստալինեան «մաքրագործումներուն»:
Դաշնակցական Խանճեանի ընտանեկան յարկին տակ թեւածող դաշնակցական ոգին հիմնական դեր ունեցաւ Հուրիկի եւ իր եղբայրներու դաշնակցական հիւսուածքին ամրացման մէջ:
Հուրիկ Խանճեան Զաւարեանականին հետ յետ մահու այս զրոյցը իմ յիշողութեան պաստառին կ՛արթնցնէ անջնջելի յուշը ազգային ու դաշնակցական անվեհեր ահաբեկիչին՝ Տաճատ Թերլեմէզեանի հետ իմ միակ ու բախտաւոր հանդիպման, որ տեղի ունեցաւ 1970ին կամ 1971ին Հուրիկենց տան մէջ, հօրը՝ Գուրգէն Խանճեանի հրաւէրով եւ 10էն 15 Զաւարեանականներու մասնակցութեամբ:
Տաճատ Թերլեմէզեանի հետ, անկախ վանեցի ըլլալէ, Գուրգէն Խանճեան ունէր նաեւ ընտանեկան կապ ու մտերմութիւն: Այդ պատճառով ալ, Պէյրութ իր այցելութեան ընթացքին, դաւաճան Դաւոյի դաշնակցական պատանի ահաբեկիչը՝ արդէն ծերունազարդ Տաճատ Թերլեմէզեանը կը մնար Խանճեան Գուրգէնի մօտ, որ պատեհութիւնը օգտագործելով՝ Զաւարեանականներուս ընձեռած էր Ազգային հերոսին հետ հանդիպելու բախտաւորութիւնը:
Ապրող ու շնչող պատմութեան՝ Տաճատ Թերլեմէզեան աւանդին հետ քանի մը ժամ մօտէն շփուելու, զրուցելու, անցեալի աւանդներով վերանորոգուելու եւ Հայ Դատի պայքարին հետագայ ուժականութիւնը հունաւորելու ծառայեց այդ հանդիպումը: Չեմ կրնար մոռնալ հպարտութիւնը Հուրիկին, որ դաշնակցական անձնուէր սերունդի մը պատկանելու խանդավառութեամբ՝ ընկեր Թերլեմէզեանի հաւանութիւնն ու օրհնութիւնը կը փորձէր ապահովել Դաշնակցութիւնը իր յեղափոխական աւանդներուն վերադարձնելու մեր սերունդի ոգորումին ի նպաստ: Հերոսներու ուղին շարունակելու դաշնակցական յանձնառութիւնը աւելիով խորացուց գաղափարական մտերմութիւնը մեր միջեւ:
Ուսանողական այդ լուսաւոր տարիները, սակայն, երկար չտեւեցին: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի պայթումին հետ, 1975էն սկսեալ, Զաւարեանականներու մեր այդ սերունդին գրեթէ երեք քառորդ տոկոսը փաստօրէն արտագաղթեց, մեծ մասով դէպի Լոս Անճելըս: Հուրիկ եւ ամբողջ Խանճեան ընտանիքը բացառութիւն չկազմեցին: Հուրիկ հոն հիմնեց ընտանեկան իր բոյնը՝ ամուսնանալով բժիշկ Միսաք Ապտուլեանի հետ: Ոչ միայն հայ ընտանիք կազմեցին, այլեւ անսակարկ իրենց մասնակցութիւնն ու ծառայութիւնը բերին հայ գաղութի կազմակերպման եւ բարգաւաճման գործին:
Հուրիկ Խանճեան-Ապտուլեան աւելի քան քառասուն տարի շարունակեց Զաւարեանականի իր փայփայած ու պահպանած մտատիպարը անաղարտ ու արթուն պահել Արեւմտեան Ամերիկայի այնքան բարդ ու խառն միջավայրին մէջ: Չվարանեցաւ նախանձախնդրութիւն պահանջելու թէ՛ իր իսկ անձէն ու ընտանեկան հարազատներէն, թէ՛ հանրային-միութենական պատասխանատուութեան կոչուած բոլոր պաշտօնատարներէն:
Դաժան եւ ծայր աստիճան անողոք վախճան մը ունեցաւ Հուրիկը: Մարմինը դաւաճանեց իրեն, եւ անդարմանելի հիւանդութիւնը լռութեան դատապարտեց այլապէս ճիշդն ու արդարը ողջունող եւ սխալն ու անարդարը մերկացնող հնչեղ ձայնը Հուրիկին:
Լռեց Հուրիկը:
Չկրցաւ գործածել իր լեզուն, որպէսզի շարունակէր լսելի դարձնել անկեղծ ու բարի իր ձայնը:
Լռեց Հուրիկը, բայց Զաւարեանական սերունդի մը ամէնէն վաւերական արժէքները հնչեցնող Հուրիկին ձայնը դեռ երկար պիտի արձագանգէ մեր բոլորիս յիշողութեան մէջ:
after having Ladies Luncheon at uacc few years ago,we studied book of Beth Moor , how we go through lifes trials, following christ ? How should we handle it. I was pouring a coffee in my cup she was next to me ,, I asked if she like the lesson, she ask how she can except christ➕I told her how we pray for forgiveness of our sins, & I told her let’s go to the corner of the door so we pray for her & her children
She repeated after me ((jesus come in to my heart forgive my sins & make me your child , I’m sory for my sins , clans me with your Precious blood that you shed on the Cross for my sins ➕ write my name in the book of Life, AAAMMMEEENNN. She cried but she was very happy after that.May she R.I.P.