ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
– Բարձրացէ՛ք, բարձրացէ՛ք: Բարի էք եկել հայրենիք:
– Շնորհակալութիւն: Քանի՞ դրամ:
– Էրկու հազար: Չորս հոգու համար էրկու հազար:
– Աշակերտնե՛ր, առաջ ո՞վ կ՛ուզէ նստիլ, առաջին չորսը… Կաթիլ, Ամուր, Տերեւ եւ Քամի, նախ դուք նստեցէք, մենք ձեզ հոս կը սպասենք:
Սամուէլ պապը Կիւմրի քաղաքի յայտնի «ֆայտոնչի»ն է: Ան հպարտ է իր քաղաքով եւ անոր պատմութեամբ, բայց աւելի շատ՝ իր ձիերով: Երկու հատ: Սիրունատես: Մէկը՝ սեւ, միւսը՝ սպիտակ: Սեւ ձիու ճակատին վրայ կայ սպիտակ խալ, որ կը յիշեցնէ լեռնային շուշանը:
– Երեխէ՛ք, մինչեւ Շիրազի տուն-թանգարանը գնում վերադառնում ենք: Մի քսան րոպէ տեւում ա: Գնացինք:
Երբ ձիերը մտրակի հարուածով յառաջ կը նետուին, պարտադրելով պատանի ուղեւորներուն, որ աւելի ամուր նստին ոսկեգոյն ծոպերով եզերուած թաւշեայ մուգ կարմիր բազմոցին վրայ, կը ղօղանջեն զանգուլակները, կ՛ալեկոծին բաշերը, կը սլանայ «կիւմրուայ» ֆայտոնը, կ՛անցնի հին թաղերով ու թռիչք կ՛առնէ նաեւ «ձի» բառին պատմութիւնը:
Բուն հայկական է «ձի» բառը: Ի տարբերութիւն հայկական բազմաթիւ գոյականներու, ան զարգանալու համար պէտք չունեցաւ երկար դարերու. իր խանձարուրային օրերէն թռիչք առաւ եւ ունեցաւ պատկերաւոր բառախումբեր, ինչպէս քուռակը իր ծնած վայրկեանին կը կանգնի իր ոտքերուն վրայ եւ պէտք չունի այդ արուեստը սորվելու: Բնութիւնն այդպէս է: Աւելին՝ յարգելի ընթերցող, ամէն հայ հպարտ պէտք է որ ըլլայ լսելով, թէ աշխարհի ո՛չ մէկ լեզուն «ձի» բառի այնքան հոմանիշ ունի, որքան իր մայրենին: Նժոյգ է ընտիր ձին, արուն՝ հովատակ, էգը՝ զամբիկ, ճակ եւ մատեան, հեծնելու ձին երիվար է, կառքի լծուածը՝ վարգաձի, դեռատին՝ մտրուկ, շիկագոյնը՝ աշխէտ, մոխրագոյնը՝ մողոշիկ, թխակարմիրը՝ շառատ, սպիտակախայտ ոտք ունեցողը՝ կոստնտոտիկ, եզի պէս լայն եւ տափակ գաւակ ունեցողը՝ եզնգաւակ, իսկ անթամբ ձին՝ մերկիկ… Ամէնէն առասպելականը «ասպ»ն է, որ մեզի պարգեւեց «ասպետ» եւ «ասպարէզ» բառերը:
Ձին, անշուշտ չէք զարմանար, հայոց անգիր բանահիւսութեան մէջ սկսաւ շարժել հայու երեւակայութիւնը, երբ Արտաշէս թագաւորը, հմայած Սաթենիկ օրիորդի տեսքին ու ձայնին, աներկբայ մտրակեց իր «սեաւ» ձին, անցաւ Կուր գետը ու մեր կողմը բերաւ ալաններու այդ չքնաղ իշխանուհին: Այնուհետեւ, «ձի» բառը իր արքայական տեղը ունեցաւ հայկական ամէն հերոսական պատմութեան մէջ: 10րդ դարուն այդ հերոսը Բագրատունի Տրդատն էր, որ չդիմանալով Սիւնեաց Բակուր իշխանի գեղաչեայ հարճի՝ Նազենիկի զգլխիչ պարին, բռնեց այդ շիկահերը իր բարակ մէջքէն, նստեցուց իր ձիուն վրայ ու խոյս տուաւ: Փախուստի ճամբուն, գեղուհին նկատելով, թէ «Հարիւր ձիեր կարկառեր են վիզերնին», աղաչեց. «Ես քու գերին, ձիդ ըլլայ թող գերին քու մտրակին»: «Հարճը» բանաստեղծութիւնը ունի ձիով թեւեր առած բազմաթիւ այլ տողիկներ, ինչպէս՝ «Գանգուրներն իր հողմածուփ ձիուն բաշին կը խառնուին», «Փա՜ռք ձեզի միշտ ձիամարտեր», «Ձիաւորներ զինավառ, մրրկարշաւ ու դաժան»: Եղիշէ պատմիչը 5րդ դարուն հայու եւ իր ձիերուն մասին խօսեր է այսպէս. «Գունդն Հայոց հասեալ անցանէին, ձի ի վերայ առեալ յարձակէին մեծաւ զօրութեամբ»: Սեբեոս պատմիչը գրի առեր է հետեւեալ դրուագը. «Ժողովել զամենայն այր եւ ձի ի Հայաստանեայց»: Կը տեսնէ՞ք, թէ որքան պատուաբեր է «ձի» բառը, քանզի ան վառ կը պահէ փառքի օրերը, այն ժամանակները, երբ մայրենի հողը անոնց պայտերուն տակ կը դողար: Նոյնքան առասպելական են Աստուածաշունչի մէջ յիշուած ձիերը. «Ձի փրկութեան» եւ «Եօթն հազար ձի ասպաստանիկ»: Երբ մեր թարգմանիչ հայրերը յունական դասական գրականութեան գլուխ գործոցները կը թարգմանէին, իրենց գրական սանձին ենթակայ էին «ձի»ով շինուած հարիւրէ աւելի բառեր: Ահա քանի մը ազնուածին օրինակ. ձիազգի, ձիաթամբ, ձիադէմ, ձիախաղաց, ձիախրոխտ, ձիակառք, ձիակերպ, ձիամարզարան, ձիավարժ, ձիավար, ձիավազք, ձիամարտիկ, ձիամրցում, ձիապան, ինչպէս նաեւ՝ մեր մարտական հզօրութեան խորհրդանշանը՝ «այրուձի»:
Եթէ ձին էր հայոց միջնադարեան պետականութեան յենարանը, ուստի պիտի ակնկալէինք մատեաններու մէջ լսել դարձուածքներու եւ արտայայտութիւններու բազմաձայն դոփիւններ: Չենք սխալիր: Հայոց բառարաններու մէջ «ձի» յօդուածը այնքան ընդարձակ է, որ հոն կարելի է «ձի վազեցնել»: Ականջ տանք մէկ-երկու օրինակի. «Ձին մէկու վրայ քշել»-յարձակիլ, «Ձիու ճանճ»-կպչող մարդ, «Ձին ձիաւորէն վեր բերել»-չափազանց համարձակ ըլլալ, «Ձիուն տեղը էշ կապել», սեբաստացիներուն խօսքն է ասիկա- արժանաւորներուն տեղը ապիրատներ, անարժաններ գործի, պաշտօնի կանչել: Մեր հիները անուաներ են նաեւ ձիու բազմաթիւ տեսակներ՝ մատակախազ, մալեալ, որձատ, մատակ, ռազմամուղ, որսոյ, ասպարակապ, ազատ, հեծելութեան, լծաբարձ, կառաձիգ, բեռնաբարձ, ահիպարանոց: Հայը «ձի» բառին յաճախ կապեր է այնպիսի ածականներ, կարծես մարդ ըլլար ան՝ աշխոյժ, խրոխտ, եռանդուն, աներկիւղ, ուժեղ, հլու, հնազանդ, կատաղի, անպիտան: Մեր նախնիները ըսեր են նաեւ, թէ ձրի առնուած բանը պէտք չէ շատ քննել. «Որ ձրի էառ զձին՝ ոչ սպասէ սանձին»:
Առաջին քառեակը վերադարձաւ: Աշակերտները կը լուսանկարեն ձիերը եւ կ՛ինքնանկարուին անոնց հետ: Պատրաստ են յաջորդները:
– Փաթիլ, Վէմ, Ալիք, Փարոս, հիմա ձեր զբօսանքն է:
Երբ անոնք ընթացք առնեն, գրական պատկերներ կը յածին միտքի մէջ: 1300 թուականերէն կու գայ Խաչատուր Կեչառեցի տաղասացը: Ան մարդու մարմինն ու հոգին կը դիտէ որպէս ձի եւ անոր տէրը: Ապա կը գանգատի, թէ մարմինը ի՛նչ մեղք ունի, երբ կը հնազանդի հոգիի կամքին:
Ես ձի եւ դու տէր ձիոյս,
Ես ծառայէ՛ իշխան դու գերոյս,
Կամիլդ քո՝ գործ լինէր ինձ.
Մեղ[ք] է՛ր դնես հողածնոյս:
Նահապետ Քուչակը սէրը կը բեռցնէ իր ձիուն վրայ. «Ելլիմ ի ձիուս վրայ, խառնուիմ ի մէջ հովերուն, / Եկո՛ւ, նի՛ստ ձիուս ետին, որ լինենք ձի ու ձիաւոր»: Ապա պանդուխտի երգի մէջ կը տեսնենք զայն. «Սուրբ Սարգիս օգնական-ճերմակ ձիաւոր. / Կռո՛ւնկ, մեր աշխարհէն խապրիկ մի չունի՞ս: / Սուրբ Սարգիս այլ օգնական, այն պօզ ձիաւոր. / Կռո՛ւնկ, մեր աշխարհէն խապրիկ մի չունիս»: Ապա ժողովրդական երգերու մէջ կը սկսի վազել ան. «Սարէն կու գայ ձիաւոր, վա՜յ լէ՜, լէ՜, լէ՜, լէ՜», «Ալագեազ սարն ամպել ա, / Աղբեր իր ձին թամբել ա»:
Ձիերու ամէնէն քնարականը «հրեղէն ձի»ն էր կամ՝ «բեգաս»ը: Ան ձի չէր, այլ՝ հայ ժողովուրդի անմահութեան եւ լուսաւոր գալիքի վիպական երազը: Դիտենք Դանիէլ Վարուժանի «Բեգաս»ը. «Բե՛գաս, հրեղէն ձիս, / Անդունդներուն վրայէն եւ վրայէն ձիւներուն / Տար զիս / Արեւո՜ւն: / Ո՜վ Ձիս-Աստուած»: Գալիքի ոտնաձայները, որպէս որոտում, լսեց նաեւ Եղիշէ Չարենցը՝ «Անքնութիւն» բանաստեղծութեան մէջ. «Դոփո՛ւմ են, դոփո՛ւմ են, դոփո՛ւմ են ձիերը / Մթի մէջ դոփում են, խփում են պայտերը»: «Ձի» բառը քառասմբակ վազեց, երբ Չարենցը գրի առաւ «Սասունցի Դաւիթ»ը: Այնտեղ «ձի» բառը երեսուն անգամ դարձաւ կայծակնավազ… «Նա հուր ձի ունէր… Դիւցազուն Դաւիթն հուր-ձին քշեց»:
Բայց օր մը, 1920ականներն էին, Կիւմրի եկաւ ինքնաշարժը: Ժամանակի յայտնի կառապան «Ֆայտոն» Ալեքը շշմած մնաց, ընկերներուն քով վազեց. «Տեսե՞լ էք, տղէք, ֆայտոն առանց ձի…»: Կ՛անդրադառնանք, թէ «ձի» բառը իր շրջանը բոլորած պիտի ըլլար, եթէ այսօր ձի չպահէր Սամուէլ պապը: Ահա՛, վերադարձան աշակերները: Հանրաշարժ վերադառնալու եւ Վարպետներու քաղաքին հրաժեշտ տալու ժամն է: Իսկ «ձի» բառին հրաժեշտ կ՛ուզենք տալ, մտաբերելով մանկական երազ օրերու երգ մը.
Ձի-ձի, փայտէ ձի,
Մեր դրանը կապեցի,
Կարմիր գոյնով ներկեցի,
Ով որ ունի այսպէս ձի,
Թող գայ ինծի հետ մրցի: