ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
«Բարե՛ւ, ինչպէ՞ս էք» ողջոյնը, որ բոլորին ծանօթ է, այնքան բնական է մեր առօրեայ կեանքին մէջ, որ նոյնիսկ երբեմն չենք անդրադառնար, թէ ինչպէ՛ս դուրս կը թռչի ան մեր շրթներէն: Սա դեռ միայն բարեւելու սովորական նախադասութիւն մըն է, որ այնքան տարածում գտած է, իսկ այն նախադասութիւնները, որոնք ոչ մեքենականօրէն կը կազմենք, ընդհանրապէս մտածելու առիթ կու տան, նախքան գործածուիլը մեր կողմէ: Առաջինը մեր առօրեայ կեանքին մաս կը կազմէ, իսկ երկրորդը՝ մեր բերնէն դուրս եկած իւրաքանչիւր նախադասութեան պատասխանատուութիւնը կը դնէ մեր ուսերուն:
Լեզուամտածողութիւնը կամ խօսակցական լեզուի կազմաւորումը իւրաքանչիւր անձի պարագային, կախում ունի անոր ուսման մակարդակէն, ապրած միջավայրէն ու տուեալ լեզուին յաճախակի գործածութենէն: Երբեմն տկար ու կիսատ մտածումներով արտայայտուող մարդիկ թերեւս իրենց միտքին մէջ ունի՛ն լաւ գաղափարներ, զորս սակայն բանաձեւելու դժուարութեան կը մատնուին: Միւս կողմէ, անոնք որոնք նախադասութիւն կազմելու կաղապարները սորված են ի տղայ տիոց, իրենց միտքին մէջ եղած գաղափարները շուտով կը շարահիւսեն ու սահուն լեզուով կը մատուցեն ունկնդիրներուն: Առաջիններուն խօսածը լսողները նոյնիսկ ունկնդրութեան ընթացքին կ՛անդրադառնան վերոյիշեալ իրողութեան, զգալով որ խօսք առած ենթական բառեր կը փնտռէ իր միտքը բանաձեւելու համար, սակայն այդ բառերը իր յիշողութեան մէջ տարտղնուած ձեւով գոյութիւն ունենալուն եւ կամ պարզապէս այս կամ այն տեղ զանոնք լսած ըլլալով իր միտքին մէկ անկիւնը պահած ըլլալուն, չի՛ կրնար ճիշդ ձեւով ու ճիշդ տեղին գործածել զանոնք, անիմաստ նախադասութիւններ կազմելով: Անշուշտ լեզուական ողբերգութիւն կը հիւսուի այն պարագային, երբ տուեալ անձին խօսածը հետագային գիրի վերածուի, կամ ենթական ինք փափաքի իր արտայայտած գաղափարները թուղթին յանձնելու, յաւերժացնելու համար զանոնք:
Սովորութենական կամ մեքենականօրէն արտասանուող նախադասութիւններէն բացի, որոշ նախադասութիւններ կան, որոնք դժուարաւ կ՛արտաբերուին մարդու բերնէն: Ասոնք ընդհանրապէս դժուար իրավիճակներու հետ կապ ունեցող արտայայտութիւններ են, որոնք պահուան ազդեցութիւնը կը կրեն: Օրինակ, յանցանք գործած մարդուն կատարելիք խոստովանութիւնը, երբ իր կատարած սխալը բացայայտուած է, մասնաւոր դժուարութեան կը մատնէ զայն գործած անձը, որովհետեւ այն ինչ որ կատարած էր ի ծածուկ, խորհելով որ ո՛չ ոք պիտի իմանայ զայն, հիմա ստիպուած է բոլորին առջեւ յայտարարել:
«Յանցանք գործեցի», «Մեղք գործեցի», «Յանցաւոր եմ», «Մեղաւոր եմ», «Սխալեցայ» եւ նման կարճ նախադասութիւններ ու բառեր այնքան դժուարաւ դուրս կու գան մարդու շրթներէն, կարծես աքցանով քաշուող ատամ ըլլան: Թերեւս ակռաները աւելի հեշտ է դուրս բերել ոմանց բերնէն, քան այս հակիրճ նախադասութիւնները կամ խոստովանական բառերը:
Դատական ատեաններու մէջ յաճախ կը տեսնուին դատապարտեալներ հետեւողական լուռ կեցուածքով, որոնց փոխարէն անոնց փաստաբանները առաջնագիծին վրայ կը կանգնին ու կը պատասխանեն հարցումներուն: Երբեմն դատապարտեալի աթոռին վրայ նստողին յանցանքը երբ ապացուցուի եւ դատաւորը արդարութիւնը հաստատող փայտեայ մուրճով հարուածէ սեղանին դրուած սալին, ան նոյնիսկ այդ պահուն կը դժուարանայ խոստովանիլ իր գործած սխալը ու ձեռնակապերով լուռ կը փոխադրուի մեկուսարան, կրելու համար իր արժանի պատիժը:
Աւելի «մեղմ» յանցանքներու պարագային, ինչպիսիք են քաղաքավարական սխալներ, ժողովական նիստերու պահուն հակադիր գաղափարներով մարդոց միջեւ բանավէճեր, տան մէջ հարազատներու հետ պատահող ընտանեկան վիճարկումներ եւ այլ հակասական մտածումներէ ծագած վիճաբանութիւններ երբեմն այնքան կ՛երկարին, որ կողմերը կ՛առաջնորդուին թշնամութեան, քէնի ու ատելութեան, որոնք ի վերջոյ տխուր հետեւանքներ կ՛ունենան: Մինչդեռ մէկ բառ՝ «ներողութիւն», կրնար հիմնովին փոխել վերոյիշեալ բոլոր կացութիւններուն ընթացքը եւ ի բարին առաջնորդել իրարու հետ անհամաձայն մարդոց յարաբերութիւնները:
Ասոնք մարդկային կեանքին համար անհրաժեշտ, սակայն յաճախ մոռցուող նախադասութիւններէն են: Հետաքրքրական է սակայն, որ նոյն հակիրճ նախադասութիւններն ու խորիմաստ բառերը մարդիկ երբեմն ինչքան դիւրութեամբ կը գործածեն իրենց աղօթքներուն մէջ… ուղղուած Արարչին: Սա իր դրական նշանակութիւնը ունի, որովհետեւ մարդիկ շատ աւելի հարազատ կը զգան Աստուծոյ հետ զրոյցի պահուն, քան իրենց ամէնէն մտերիմին: Միւս կողմէ, սոյն երեւոյթը ունի իր ժխտական իմաստը, որովհետեւ ո՛չ ոք կրնայ թափանցել քու եւ Աստուծոյ անհասանելի մտերմութեան, յատկապէս աղօթքիդ բովանդակութեան, ուրեմն ինչքան կրնաս՝ կը լեցնես անոր տողերը վերոյիշեալ դժուարասելի նախադասութիւններով ու բառերով…
Մարդ-Աստուած յարաբերութեան մէջ սակայն, կայ շատ մոռցուող նախադասութիւն մը, որ մեր իմացած բոլոր տեսակի մեքենականօրէն արտասանուող նախադասութիւններէն աւելի նախապատիւ է: Մարդոց մեծամասնութիւնը չի՛ գիտեր առաջնահերթին ու երկրորդականին տարբերութիւնը: Շատեր երկրորդականը նախադաս կը համարեն եւ այդ պատճառով ձախորդութեանց կը հանդիպին: Մարդ եւ Աստուած յարաբերութեան ամէնէն էական բաժինը Անոր ընծայուած գոհաբանութիւնն է, որովհետեւ առանց Աստուծոյ ոչինչ կայ, մինչ Աստուծմով՝ ամէն ինչ…
Միայն աղօթքի միջոցաւ չէ՛ որ մարդ պէտք է գոհաբանութիւն յայտնէ իր Արարչին, ո՛չ ալ ստոյգ փորձանքէ կամ մահէ փրկուելուն յաջորդող վայրկեաններուն: Մարդ էակին հետ առօրեայ յարաբերութեան ընթացքին եւս նոյն գոհաբանութիւնը կարելի է արտայայտել՝ միայն «Փառք Աստուծոյ» երջանկագոյն արտայայտչաձեւով: Խոր հաւատացեալներ իրենց մարմնական ցաւերուն մէջ նոյնիսկ սոյն նախադասութեամբ կը պատասխանեն իրենց որպիսութիւնը հարցնող ծանօթ ու անծանօթ մարդոց: Հաւատքի արտայայտութիւն է այս միաժամանակ, ինչպէս նաեւ գոհաբանութիւն Անոր, որ իր ձեռքին մէջ ունի բժշկութեան նշդրակը, որով յանկարծ կրնայ կտրել ու հեռացնել ցաւը մեր մարմինէն ու հոգիէն:
Փառք Սստուծոյ, որ «Փառք Աստուծոյ» բանաձեւը պարգեւեր է կրօնը մեզի, որպէսզի կարենանք սոյն պարզ նախադասութեամբ ամէնժամեայ եւ նոյնիսկ ամէն վայրկեանի գոհաբանութիւն մատուցել մեր Արարչին, այս պահու մեր եղածին ու դեռ գալիքին համար: Ապագայի անորոշութիւնը փարատող նախադասութիւն է այս, որովհետեւ իր մշուշապատ բնութեամբ գալիքը միշտ աւելի վախազդու կը թուի մեզի առանց Աստուծոյ ներկայութեան, իսկ «Փառք Աստուծոյ»ն Անոր անմիջական ներկայութեան զօրեղ գրաւականն է մեր հոգւոյն մէջ: Ամէն անգամ զայն արտաբերելով մեր շրթներէն, միայն գոհաբանութիւն մատուցած չենք ըլլար Աստուծոյ, այլ Անոր հզօր ներկայութիւնը ապահոված կ՛ըլլանք:
Այնքա՞ն զբաղած է մեր միտքը կամ այնքա՞ն լեցուն է մեր ուղեղը, որ լոկ այս ամփոփ նախադասութեան կամ խտացեալ այս երկու բառերուն համար բաց տեղ չէ՛ մնացած այնտեղ… Անյապաղ, անոր համար կ՛արժէ շատ ուրիշ անիմաստ նախադասութիւններ ու նիւթեր աղբաման նետել…