ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Ծերակուտական Լինզի Կրեհեմ (հանրապետական, Հարաւային Քարոլայնա) տխրահռչակ դարձաւ Պապ Մենենտեզի (դեմոկրատ, Նիւ Ճըրզի) միջնորդութիւնը արգելափակելուն համար. վերջինս կոչ կ՛ընէր Ծերակոյտին քուէարկելու Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի օգտին՝ շրջանցելով Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը:
AXIOS լրատուական կայքը յայտնեց, որ 13 Նոյեմբեր 2019ին, երբ ծերակուտական Կրեհեմ կը լքէր Սպիտակ տան մէջ նախագահ Էրտողանին հետ տեղի ունեցող տեսակցութիւնը, նախագահ Թրամփի օգնականներէն մէկը անկէ խնդրեց դէմ ըլլալ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին, զոր պիտի հաստատուէր Ծերակոյտին կողմէ՝ առանց նախապէս անցնելու Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի բովէն։ Ծերակուտական Կրեհեմ AXIOS-ին ըսաւ, որ համաձայնած է արգելափակել բանաձեւը, «քանի որ ան (Էրտողան) դեռ քաղաքը կը գտնուէր… ոչ յարմար ժամանակ էր: Ես կը փորձեմ փրկել յարաբերութիւնները, եթէ հնարաւոր է»: Հարցին, թէ արդեօք ինք անյարմար չի՛ զգար Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը արգելափակելու համար, ծերակուտական Կրեհեմ ըսաւ AXIOS-ին. «Այո, որովհետեւ ինծի հաճելի կը թուի Պապը (Մենենտեզը): Ան բազում տարիներէ ի վեր կ՛աշխատի այդ ուղղութեամբ, բայց մտածեցի, որ քաղաքը գտնուող Թուրքիոյ նախագահը, ամենայն հաւանականութեամբ, աւելին է, քան հանրութիւնը կրնար ընդունիլ»: Ապա ծերակուտական Կրեհեմ աւելցուց. «Ես չեմ պատրաստուիր յաջորդ անգամ դէմ ըլլալու»:
Անցեալ ամիս «Փոլիթիքօ» լրատուամիջոցը բացայայտեց, որ ռուս «փրանքեր» (յետ այսու՝ հեռաձայնային կեղծարար) Ալեքսէյ Սթոլեարովի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցին, վերջինս ինքզինք ներկայացուց իբրեւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար, ծերակուտական Կրեհեմ ըսաւ, որ աւելի քան պատրաստ է աշխատելու Թուրքիոյ հետ՝ բարելաւելու համար յարաբերութիւնները Միացեալ Նահանգներուն հետ:
Ծերակուտական Կրեհեմի խօսնակ Քեւըն Պիշափ հաստատեց «Փոլիթիքօ»ին, որ ռուս հեռաձայնային կեղծարարը, իրօք, խաբած է ծերակուտականին. «Մենք յաջողութեամբ կանխած ենք ծերակուտական Կրեհեմը եւ գրասենեակը խաբելու շատ փորձեր, սակայն այս անգամ յաջողեցաւ սողոսկիլ», ըսաւ ան: «Անոնք յաջողեցան հասնիլ իրեն»: Փաստօրէն, ռուս հեռաձայնային կեղծարարը առաջին անգամը չէր, որ կը խաբէր ծերակուտական Կրեհեմը:
Հակասելով իր հրապարակային յայտարարութիւններուն՝ ծերակուտական Կրեհեմ Թուրքիոյ կեղծ պաշտպանութեան նախարարին ըսաւ, որ համաձայն է Թուրքիոյ այն դիրքորոշման, որ կ՛ըսէ, թէ քիւրտերը «սպառնալիք» են: Կրեհեմ նաեւ ըսաւ, որ ինք եւ Թրամփ դէմ եղած են Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ սահմանելուն՝ ռուսական S-400 հրթիռային համակարգը գնելուն համար:
Ահա քանի մը հատուած հեռաձայնային զրոյցէն.
Հեռաձայնային կեղծարար. «Որքան որ ես կը հասկնամ, նախագահ Թրամփ ձեզի վստահած է այդ բանակցութիւնները», ըսաւ այն մարդը, զոր Կրեհեմ կ՛ենթադրէր, որ Աքարն է՝ ըստ 16 վայրկեաննոց հեռաձայնային զրոյցի ձայնագրութեան:
Ծերակուտական Կրեհեմ. «Այո, կարծէս թէ: Թոյլ տուէք ձեզի հաղորդել, թէ ան (նախագահ Թրամփ) ինչ ըսած է ինծի. «Ես չեմ փափաքիր պատժամիջոցներ կիրարկել մեր դաշնակից Թուրքիոյ դէմ»:
Հեռաձայնային կեղծարար. «Այո, բայց ի՞նչ ըսած է նախագահ Թրամփ ազատ առեւտուրի համաձայնագիրին վերաբերեալ»:
Ծերակուտական Կրեհեմ. «Լաւ, այսպէս. ան ինծի թելադրեց հեռաձայնել նախագահ Էրտողանին եւ անոր ներկայացնել այս առաջարկը… Ես չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ կրնամ ըսել ձեզի, բայց ես ամէն բան կ՛ընեմ, եւ նախագահ Թրամփ շատ կարեկցութեամբ կը վերաբերի նախագահ Էրտողանի իրավիճակին, սակայն Քոնկրեսը կարեկից չէ: Դեմոկրատները ընդհանրապէս չեն կարեկցիր, եւ մենք հոս կորսնցուցած ենք քանի մը հանրապետականներ, երբ խօսքը կը վերաբերի Թուրքիոյ: Իսկ Թուրքիան չափազանց արժէքաւոր դաշնակից է վէճի մէջ մտնելու համար»:
Ըստ GQ ամսագիրին՝ Յուլիսի սկիզբը ռուս հեռաձայնային կեղծարարը զանգահարած էր ծերակուտական Կրեհեմի՝ թրքական բջիջային հեռաձայնէ մը, զոր ան գնած էր յատուկ այս առիթով: Հեռաձայնային կեղծարարը ըսած էր Կրեհեմին, որ ինք կը ծառայէ իբրեւ շփման կէտ՝ Թուրքիոյ կառավարութեան հետ: Ծերակուտական Կրեհեմ համաձայնած է դարձեալ կապուիլ հեռաձայնային կեղծարարին հետ՝ Թրամփին հետ խօսելէ ետք:
Ծերակուտական Կրեհեմ 12 Օգոստոսին հեռաձայնած է հեռաձայնային կեղծարարին եւ պարծենալով ըսած. «Ես հանդիպեցայ նախագահին եւ հանգստեան օրերը անցուցի անոր հետ: Մենք երէկ կոլֆ խաղցանք, ճաշեցինք եւ խօսեցանք Թուրքիա գտնուող մեր բարեկամներուն մասին, եւ ես անոր ըսի, որ նախասիրութիւնս է փոխել խօսակցութիւնը եւ ձեզ վերականգնել F-35 ծրագիրով, ինչպէս նաեւ ստորագրել ազատ առեւտուրի մասին համաձայնագիրը եւ առաջ շարժիլ նոր ուղղութեամբ, եւ ան կը փափաքի այսպէս ընել»:
«Իսկ դուք ըսի՞ք անոր մեր խօսակցութեան մասին», հարցուց հեռաձայնային կեղծարարը:
«Այո», ըսաւ ծերակուտական Կրեհեմ. «…Մենք կը փափաքինք աւելի սերտ յարաբերութիւններ ունենալ նախագահ Էրտողանին հետ: Անձամբ ինծի հաճելի կը թուի նախագահ Էրտողանը: Կը կարծեմ՝ նախագահ Թրամփ հաճելի կը գտնէ նախագահ Էրտողանը: Իմ կարծիքով ան զօրաւոր մարդ է, եւ մենք պէտք է գործ ունենանք զօրաւոր մարդոց հետ: Ուստի, կը կարծեմ, որ յաջորդ քայլը, որ պէտք է ըլլայ, այն է, որ երկու նախագահները խօսին իրարու հետ»:
Հեռաձայնային կեղծարարը հարցուց, թէ ի՛նչ պէտք է զեկուցէ նախագահ Էրտողանին:
«Ահա թէ ի՛նչ պէտք է ընենք», ըսաւ ծերակուտական Կրեհեմ: «Թոյլ տուէք այսօր երեկոյեան հեռաձայնել նախագահին: Ես վաղը կը հեռաձայնեմ ձեզի, եւ ահա թէ ի՛նչ կը կարծեմ, որ պէտք է ընենք: Մենք պէտք է հեռաձայնային կապ ունենանք երկու նախագահներուն միջեւ… եւ ես կը կարծեմ, որ խօսակցութիւնը կ՛ըլլայ. դուք կրնաք ըսել նախագահ Էրտողանին, որ ես հանգստեան բոլոր օրերը անոր հետ կ՛անցընեմ, եւ նախագահը չի փափաքիր պատժամիջոցներ կիրարկել Թուրքիոյ դէմ: Անոր կարծիքով ատիկա խենթութիւն է: Անձամբ ես կը կարծեմ, որ ատիկա խենթութիւն է: Մեզի պէտք է զայն շրջանցելու ճամբաներ գտնել»:
Ծերակուտական Կրեհեմ ռուս հեռաձայնային կեղծարարին հետ հեռաձայնային զրոյցին հաստատեց նաեւ, որ նախագահ Թրամփ անձնական շահագրգռուածութիւն ունի Թուրքիոյ պետական դրամատան նկատմամբ, որ խախտած է ամերիկեան օրէնքները՝ առեւտուր ընելով Իրանի հետ… Ըստ «Պլումպըրկ»ի զեկոյցին՝ Թրամփ ըսած էր այդ օրերու պետական քարտուղար Ռեքս Թիլըրսընին՝ գլխաւոր դատախազէն խնդրել՝ փակելու իրանա-թրքական ոսկիի առեւտուրով զբաղուող Ռեզա Զարապի դատական գործը. Ռեզա ձերբակալուած էր Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ թրքական դրամատան կեղծ գործարքի մէջ ունեցած դերին համար: Էրտողան լոպիինկ ըրած էր Ամերիկայի պաշտօնեաներուն՝ Զարապը ազատ արձակելու համար:
Թէեւ հեռաձայններու բացայայտումները ցնցող չեն, սակայն ասիկա ապահովութեան լուրջ հարց է, որովհետեւ ռուս հեռաձայնային կեղծարարը, որ կրնայ ըլլալ կապուած է Քրեմլինի հետ, կրնայ իբրեւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար խօսիլ Թրամփի մերձաւոր կողմնակից ծերակուտական Կրեհեմի հետ, որ այնուհետեւ ռուսին պատգամները կը փոխանցէ նախագահ Թրամփի: Իսկ յետոյ ծերակուտական Կրեհեմ Միացեալ Նահանգներու նախագահին հետ ունեցած իր խօսակցութիւնը կը փոխանցէ ռուսին:
Յաճախ կ՛ըսեն, որ «քաղաքականութիւնը կը միացնէ տարբեր հայեացքներու տէր մարդիկը»: Ասիկա այնքան ճիշդ է Թրամփի եւ Կրեհեմի պարագային, որոնք ոխերիմ թշնամիներէ վերածուած են մտերիմ ընկերներու: 2016ին, նախագահական ընտրութիւններու քարոզարշաւի ընթացքին թեկնածու Թրամփ Կրեհեմը անուանած է «խենթ», «անխելք» եւ «երբեւէ իմ տեսած ամէնէն յիմար մարդոցմէ մին»: Իսկ Կրեհեմ, իր հերթին, Թրամփը կոչած է «խելագար», «խենթ» եւ «ապուշ»: Ներկայիս անոնք մտերիմ ընկերներ են եւ միասին կոլֆ կը խաղան…
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ