ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Շաբաթ, Նոյեմբեր 23ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր գրադարանին մէջ ընդունեց Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (ՀՄԸՄ) նորընտիր Կեդրոնական վարչութիւնը:
Վարչութիւնը վեհափառ հայրապետին ընդհանուր գիծերով ներկայացուց ՀՄԸՄի յառաջիկայ շրջանի ծրագիրները:
Կաթողիկոսը, իր կարգին, բարձր գնահատանքով անդրադարձաւ միութեան կատարած գործին՝ զայն նկատելով առաքելութիւն, եւ անգամ մը եւս յիշեցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը պիտի շարունակէ միշտ զօրավիգ կանգնիլ ՀՄԸՄի ազգային առաքելութեան: