«Նորտիք Մանիթըր» կայքը Նոյեմբեր 27ին բացայայտած է փաստաթուղթեր, թրքական զինուորական ուժերուն կողմէ 2001ին մշակուած ռազմական հաւանական գործողութեան մը մասին, որուն թիրախը Հայաստանն է։
Յատկանշական է, որ ծրագիրը բացայայտուած է 2016ին, երբ հետախուզութիւն մը սկսած է անկէ որոշ էջերու անհետացման մասին։ Կայքը այդ հետախուզութեան հետքերն է, որ կրցած է բացայայտել, աւելցնելով, որ ծրագիրը մինչեւ այսօր ի զօրու կը մնայ եւ հաւանաբար մաս կը կազմէ զինուորական ուժերու հաւանական գործողութեանց ընդհանուր ծրագիրին։