ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան 100րդ նիստը շարունակուեցաւ անցեալ շաբաթ, վկաներու լսումներով: Այս նիստին ամենաշատ քննարկուած նիւթն էր ոճրագործ Օկիւն Սամասթի դրօշակն ի ձեռին լուսանկարին ի՛նչ պայմաններով առնուած ըլլալու հանգամանքները:
Վկաները ընդհանրապէս դիմեցին «չեմ յիշեր» կամ «հրամանատարներս պատուիրեցին»ի նման պատասխաններու:
Դատակազմի նոր նախագահ Էմրահ Քորքմազ յայտնեց, թէ նախորդ նիստերուն Ազգային լրաքաղութեան կազմակերպութեան (MIT) պաշտօնեաներու լսումներուն համար դիմում կատարուած էր, սակայն այդ դիմումը այս նիստին եւս անպատասխան մնաց: