ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ընդունեց Երեւանի մէջ տեղի ունեցած «Silicon Mountains» արհեստագիտութեան համաժողովի մասնակիցներէն խումբ մը՝ «Սինոփսիս Արմէնիա» ընկերութեան նախագահ Երուանդ Զօրեան, «Մայքրոսոֆթ» ընկերութեան Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպայի արհեստական բանականութեան զարգացման ծրագիրի ղեկավար Տմիթրի Թուրչինը եւ «Մայքրոսոֆթ» ընկերութեան՝ ԱՊՀ տարածքին մէջ յաճախորդներու ծրագիրի ղեկավար Աստղիկ Դալլաքեան, Տեղեկատուական եւ հաղորդակցութեան արհեստագիտութիւններու գործատուներու միութեան նախագահ Արմէն Բալդրեան եւ միութեան գործադիր տնօրէն Էդուարդ Մուսայէլեան:
Նախագահը ողջունեց Երեւանի մէջ այսպիսի արհեստագիտական համաժողով կազմակերպելու նախաձեռնութիւնը: «Ժամանակն է, որ բոլորս համատեղենք մեր ջանքերը, քանի որ համախմբուելով աւելի մեծ արդիւնքներ կարող ենք ունենալ եւ նպաստել տեխնոլոգիական (արհեստագիտական-Խմբ.) ոլոտում մեր երկրի առաջընթացին», ընդգծեց նախագահ Սարգսեան։
Հանդիպման անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի մէջ յառաջիկայ տարի տեղի ունենալիք «Մտքերի հայկական գագաթնաժողով»ին, եւ նախագահական ATOM (Advanced Tomorrow) նախաձեռնութեան ծիրին մէջ համագործակցութեան կարելիութիւններուն: Ներկայացնելով ATOM նախաձեռնութեան բաղադրիչները՝ նախագահը նշեց, որ ուրախ պիտի ըլլայ այս հարթակին վրայ, ի շարս համաշխարհային արհեստագիտական այլ առաջատար ընկերութիւններու, տեսնել նաեւ «Մայքրոսոֆթ» ընկերութիւնը: