ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- «Մեր կեանքին բոլոր մարզերէն ներս երիտասարդութիւնը պէտք է դառնայ առանցքային ներկայութիւն։ Փորձառութիւնը բնական ընթացքով կու գայ, սակայն երիտասարդութեան իւրայատուկ մօտեցումը եւ անոր բերելիք մասնագիտական նպաստը էական են մեր կեանքին համար: Հնամաշ գործելակերպերէ, կարծրատիպ մտայնութենէ, երբեմն դասական ու աւանդական դարձած մօտեցումներէ հարկ է հեռու մնանք: Երիտասարդութիւնը կոչուած է մէկ կողմէ կառչելու իր արմատներուն եւ միւս կողմէ՝ բացուելու ներկայ աշխարհի մարտահրաւէրներուն», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս, Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ) նորընտիր վարչութեան, որ իր հոգեւոր խորհրդատուին գլխաւորութեամբ եկած էր վեհափառին օրհնութիւնը ստանալու:
Կաթողիկոսը գնահատեց ՀԵՀՈՄի նորանշանակ հոգեւոր խորհրդատու Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանին պատրաստակամութիւնը օգտակար հանդիսանալու միութեան աշխատանքներուն: Յայտնենք, որ հայր սուրբը Միացեալ Նահանգներու մէջ իր ուսման ու հոգեւոր առաքելութեան աւարտին վերջերս վերադարձած էր Մայրավանք: