ԼԱԼԷ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Երբ առաջին անգամ սրահ մտայ փորձի, արդէն յստակ էր բոլորին խանդավառութիւնը՝ ամառուան արձակուրդէն ետք վերսկսելու Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբի աշխատանքներուն: Անկասկած, միշտ եղած եմ Համազգայինի եւ հայ մշակոյթը քաջալերող մեծ խմբակի հպարտ անդամ, սակայն այս տարի առիթը ունեցայ մաս կազմելու հայկական պարը քաջալերող խումբին՝ բեմէն:
Փորձերը ընդհանրապէս աշխոյժ եւ վառվռուն էին: Իմ փորձէն առաջ, Ազգային Ֆերահեան վարժարանի սրահը կը լեցնէին փոքրիկ եւ պատանի պարողները եւ անշուշտ անոնց նուիրեալ ծնողները: Ամէն շաբաթ պատկերը յուզիչ եւ յոյսադրող էր: Շատեր տակաւին իրենց դպրոցական տարազներով, պայուսակները նետած ասդին- անդին, պարի կօշիկները հագած, շուրջպար բռնած, կը փորձէին համաչափ պարել: Գեղեցիկ պատկեր։ Ո՛չ որովհետեւ անոնք տիրապետած էին պարին, բայց որովհետեւ անոնք իրենց խաղի, հանգիստի եւ դասի ժամէն զոհելով, այդտեղ էին: Սքանչելի պատկեր, որովհետեւ հայ պատանին, եւ մանաւա՛նդ անոր ծնողքը, քաջ գիտակցելով հայկական մշակոյթի կարեւորութեան, դրամական, միութենական կամ այլ հաշիւներ անտեսելով, եկած են հայկական դպրոցին գիրկը, հայկական պարի դասընթացքի:
Նոյնքան ազդեցիկ էր, մաս կազմելը խումբի մը, որուն անդամները, առանց տարիքի խտրութեան, ընկերացան իրարու: Միասնաբար սխալեցանք, միասնաբար սորվեցանք, միասնաբար յոգնեցանք ու միասնաբար ներկայացուցինք մեր ժողովուրդի դարաւոր պարը: Մէկս նազ պարը սիրեց, միւսը՝ տարազը, իսկ քանի մը ըմբոստ պարմանուհիներ որոշեցին մաս կազմել այն պարին, որուն համար նկատի չէին առած իգական սեռէն «նազելի»ներ:
«Նայիրի» պարախումբին շուրջը հաւաքուած են բացառիկ մարդիկ՝ ծնողներ, մասնաճիւղի անդամներ, քոյրեր, եղբայրներ, որ ամիսներ շարունակ վազվզելով դպրոցին մէկ սրահէն միւսը, իրականացուցին մեր ելոյթը: Իսկ պարուսոյցներուն համբերութիւնը այնքան հաստատակամ էր, որքան մեր քայլերը՝ հերոսական պարի ժամանակ: Վստա՛հ եղէք, ձեր կորովն ու խանդը փոխանցուեցան մեր նազ պարերով, շուրջպարերով եւ հպարտ քայլերով:
Այս տարուան պարային ելոյթը անգամ մը եւս վերահաստատեց ու ամրապնդեց հայկական Սփիւռքի եւ անոր հրաշալի կազմակերպութիւններուն կամքն ու առաքելութիւնը՝ վառ պահելու հայկական մշակոյթը ոչ միայն բեմերէն, այլ նաեւ պատանիին ու երիտասարդին եւ անոնց ընտանիքներու սիրտերուն ու կեանքին մէջ: Անգամ մը եւս փաստեց, թէ հայը պիտի պարէ իր շուրջպարը աշխարհի որ անկիւնն ալ գտնուի ան:
Շարունակէ՛ սիրելի պատանի, մի՛շտ պարէ մեր «Եարխուշտա»ն. շարունակեցէ՛ք, ընկերուհիներ, ըմբոստանալ կարծրատիպերու դէմ, պարելով հայ զինուորին պարը:
Պարե՜նք միշտ ու միշտ պարե՜նք… հայկականը: