ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պատուիրակութիւնը առաջին անգամ ըլլալով մասնակցեցաւ 27-28 Նոյեմբերին Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած «Օտարերկրեայ ուղղակի ներդրումներ»ու ցուցահանդէսին:
Նախաձեռնութիւնը մէկ յարկի տակ համախմբեց գործարարութեան ընդլայնման համար նոր կարելիութիւններ փնտռող ընկերութիւնները, մատակարարները, մասնագէտները, խորհրդատուները, ներդրումային քաղաքականութեան ոլորտի մասնագէտներ, ազատ տնտեսական գօտիներու կազմակերպիչներ եւ ներդրողներուն աջակցող կառոյցներու ներկայացուցիչներ:
Երկօրեայ ցուցահանդէսին ընթացքին ներկայացուեցան Հայաստանի ներդրումային կարելիութիւնները եւ գործարար միջավայրի առաւելութիւնները, մասնաւորապէս՝ «eRegulations Armenia» նոր հարթակը, ուր քայլ առ քայլ նկարագրուած են ներդրողներուն համար առաւել կարեւոր 18 ընթացակարգերը: Անիկա կը ծառայէ իբրեւ ուղեցոյց Հայաստանի մէջ գործարարութիւն սկսելու եւ ընդլայնելու մտադրութիւն ունեցող գործարարներուն համար:
Կարեւոր նկատելով գործարար եւ ներդրումային միջավայրի շարունակական կատարելագործումը՝ Հայաստանի կառավարութիւնը կը նախատեսէ աստիճանաբար ընդլայնել «eRegulations Armenia» հարթակին վրայ զետեղուած ընթացակարգերու թիւը՝ միաժամանակ զանոնք պարզացնելով, ինչ որ պիտի նպաստէ կարգաւորումներու թափանցիկութեան բարձրացման եւ գործարար ծախսերու նուազեցման: