
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւնները, որոնք տեղի պիտի ունենային 9 Դեկտեմբերին, մէկ շաբաթով յետաձգուեցան:
Արդարեւ, հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը Կիրակի գիշեր հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի հետեւեալը. «Ընդառաջելով երեսփոխանական տարբեր խմբակերու պահանջներուն, ինչպէս նաեւ նոր վարչապետի նշանակման առումով յաւելեալ խորհրդակցութիւններու առիթ տալու նպատակով, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն որոշեց վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւնները մէկ շաբաթով յետաձգել»:
Նշենք, որ վարչապետի նշանակման եւ կառավարութեան կազմութեան վերաբերող զարգացումներուն մասին նախագահ Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ՝ ճշդելու համար այդ խորհրդակցութիւններուն ճակատագիրը:
Յայտնենք, որ վարչապետի թեկնածու Սամիր Խաթիպ Կիրակի յետմիջօրէին հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի հետ: Հանդիպումէն ետք Խաթիպ յայտնեց, որ ընդգծուած է ազգային եւ միջիսլամական միասնականութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:
Խաթիպ աւելցուց, որ վարչապետի պաշտօնին համար, հանրապետութեան միւֆթին կը զօրակցի Սաատ Հարիրիի թեկնածութեան ու ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Լիբանանի զարթօնքին եւ արաբական աշխարհին մէջ ու միջազգային առումով անոր դերակատարութիւնը ամրապնդելու համար:
«Հանրապետութեան միւֆթիէն իմացայ նաեւ, թէ խորհրդակցութիւններու իբրեւ արդիւնք միջիսլամական համախոհութիւն գոյացած է Սաատ Հարիրին վարչապետ նշանակելու, որպէսզի ան կազմէ իր նոր կառավարութիւնը», ընդգծեց Խաթիպ, որ աւելի ուշ ուղղուեցաւ Հարիրիի Պէյրութի բնակարանը եւ հոն հրաժարեալ վարչապետին հետ հանդիպում մը ունենալէ ետք ըսաւ. «Երբ վարչապետի պաշտօնին համար թեկնածութիւնս առաջարկուեցաւ՝ ընդառաջեցի: Այս առիթով կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել նախագահ Աունին, Պըրրիին եւ Հարիրիին, որոնք ինծի շնորհեցին իրենց վստահութիւնը: Այս առիթով բնական էր նաեւ, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունենայի քաղաքական զանազան ղեկավարութիւններու հետ: Անցեալ երկու շաբաթներուն ընթացքին կատարեցի այդ խորհրդակցութիւնները եւ ենթարկուեցայ նախանձներու սուր արշաւներուն: Նկատի ունենալով, որ Հարիրի առաջադրած էր անունս եւ ինծի յայտնած իր զօրակցութիւնը, հանրապետութեան, միւֆթիին հետ հանդիպումէս ետք ուղղուեցայ Հարիրիի մօտ եւ անոր ներկայացուցի միւֆթի Տըրիանի տեսակէտը, որուն մասին Տար Ֆաթուայէն եւս յայտարարած էի: Հիմնուելով այս իրականութեան վրայ, խղճի կատարեալ հանգստութեամբ յետս կը կոչեմ թեկնածութիւնս՝ բարօրութիւն մաղթելով Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն, ինչպէս նաեւ խղճի արթնութիւն մաղթելով լիբանանցի քաղաքական ղեկավարութիւններուն, որպէսզի Լիբանանը կարենան փրկել»: