ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի գերիներու, պատանդներու եւ անհետ կորսուած անձերու հարցերով զբաղող յանձնաժողովի նախագահ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան 10 Դեկտեմբերին ընդունեց Հայաստանի մօտ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի պատուիրակութեան ղեկավար Քլեր Մէյթրոյի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Ատրպէյճանի մէջ բանտարկուած Հայաստանի քաղաքացիներ Արայիկ Ղազարեանի եւ Կարէն Ղազարեանի ճակատագիրները՝ կարեւոր նկատելով Երեւանի եւ Պաքուի մէջ Կարմիր Խաչի գրասենեակներու համակարգուած գործունէութիւնը՝ անոնց համար կանոնաւոր տեսակցութիւններ եւ ընտանիքներու հետ նամակագրութեան կարելիութիւններ ապահովելու նպատակով:
Դաւիթ Տօնոյեան ընդգծեց Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին հետ փոխգործակցութեան եւ միացեալ ջանքերուն կարեւորութիւնը՝ բանտարկուած Հայաստանի քաղաքացիներու հարցին վերջնական հանգուցալուծման եւ անոնց շուտափոյթ հայրենադարձութեան ուղղութեամբ:
Զրուցակիցները քննարկեցին նաեւ Արցախի տագնապին իբրեւ հետեւանք անհետ կորսուած անձերու ճակատագիրները պարզելու վերաբերող հարցեր, Հայաստանի գերիներու, պատանդներու, անհետ կորսուածներու հարցերով զբաղող յանձնաժողովին եւ Կարմիր Խաչին միջեւ աշխատանքները համակարգելուն վերաբերող այլ հարցեր: