ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնէթ».- 1 Յունուար 2020էն սկսեալ կը նախատեսուի բարձրացնել Երեւանի մարզամշակութային կեդրոններու շուրջ 5000 աշխատակիցներու աշխատավարձը։ Այս մասին գրուած է Երեւանի քաղաքապետարանի «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ։
Երաժշտական եւ արուեստի դպրոցներուն եւ մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոններուն մէջ աշխատողներուն աշխատավարձը պիտի բարձրանայ մինչեւ 25 տոկոսով, իսկ մարզային դպրոցներու աշխատակիցներունը՝ շուրջ 56 տոկոսով։
Աշխատակիցները նաեւ պիտի ունենան առողջապահութեան ապահովագրութիւն: