Շաբաթ, 7 Դեկտեմբերին, լիբանանահայ երեք օրաթերթերու տնօրէնները այցելեցին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Այցելութեան նպատակը շնորհակալութիւն յայտնել էր անոր՝ «Հայ մամլոյ տարուան» առիթով եւ Լիբանանի ճգնաժամային պայմաններուն մէջ իր կատարած նիւթական աջակցութեան համար՝ լիբանանահայ երեք օրաթերթերուն:
Վեհափառ հայրապետը, գնահատելով օրաթերթերուն տարած աշխատանքը՝ վերաշեշտեց հայ մամուլին առաքելութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը՝ հայապահպանման եւ հանրային կարծիքի ճիշդ հունաւորման դերակատարութիւնը ընդգծելով:
Այնուհետեւ խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ գումարուած Հայ մամուլի Համահայկական համաժողովէն բխած առաջադրանքները իրականացնելու կարելիութիւններուն վրայ:
Տնօրէնները զեկուցեցին զանազան լրատուամիջոցներու հետ տեղի ունեցած խորհրդակցական հանդիպումներուն մասին: Գոյացած է արդէն ընդհանուր համաձայնութիւն՝ համաժողովները հերթականութեամբ գումարելու անհրաժեշտութեան շուրջ:
Համաժողովէն բխած համակարգող խորհուրդը իր յառաջիկայ նիստը պիտի գումարէ Անթիլիասի մէջ, 2020ի Փետրուարին: Խորհուրդին մէջ ներառուած էին Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններէն ու Սփիւռքէն հետեւեալ մամլոյ պատասխանատուները.
Արամ Անանեան, «Արմէնփրէս» լրատու գործակալութեան տնօրէն
Սաթիկ Սէյրանեան, Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ
Տիգրան Յարութիւնեան, Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ
Շահան Գանտահարեան, «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն
Սեւակ Յակոբեան, «Զարթօնք» օրաթերթի տնօրէն
Անի Եփրեմեան, «Արարատ» օրաթերթի տնօրէն
Միքայէլ Հաճեան, Արցախի հանրային ռատիոյի աւագ վերլուծաբան։
Վեհափառ հայրապետը, ողջունելով մամլոյ համահայկական դաշտի ձեւաւորման միտող այս նախաձեռնութիւնները՝ շեշտեց մամուլին դերակատարութիւնը հայկական հասարակական դաշտը բեւեռացումներէ հեռու պահելու, ինչպէս նաեւ կառուցողական մօտեցումներով համահայկական օրակարգերը համախումբ ձեւերով քննարկելու եւ հիմնահարցերու լուծման ուղիներ գտնելով միասին աշխատելու հրամայականը: