ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսական շուկային մէջ հայկական ապրանքներու պահանջքը կը շարունակէ տիրական մնալ։
Լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին այս մասին յայտնեց Ռուսիոյ առեւտրական հարցերու ներկայացուցիչ Անտրէյ Պապքօ՝ շեշտելով, որ վերջին շրջանին կը նկատուի հայկական արտադրութեան կօշիկի եւ հիւսուածեղէնի ապրանքներու շրջանառութեան յաւելում:
«Խորհրդային տարիներէն տակաւին մարդոց յիշողութեան մէջ կը պահպանուի այն, որ հայկական արտադրութեան կօշիկները եւ հիւսուածեղէնը բարձր որակ ունէին, հետեւաբար շատեր նախընտրութիւնը կու տան հայկական ապրանքներուն: Անկէ բացի, ռուսական շուկային մէջ պահանջք կայ հայկական արտադրութեան գիւղամթերքի՝ թարմ եւ վերամշակուած», շեշտեց ան։
Ըստ Ռուսիոյ առեւտրական ներկայացուցիչ Անտրէյ Պապքոյի՝ շատ կարեւոր է ճանապարհային ենթակառուցուածքներու բարելաւումը: Հարց է, երբ ձմրան Լարսի մէջ կ՛արձանագրուին խցանումներ, որոնց իբրեւ արդիւնք բեռնատարները օրերով ճամբան կը մնան։ Հարցին լուծման պարագային արտածումները անպայման կ՛աւելնան, շեշտեց ան։