ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Իրանի եւ Թուրքիոյ նախագահներ Հասան Ռոհանի եւ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, որոնք կը մասնակցին Մալեզիոյ մէջ տեղի ունեցող Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովին, անջատ հանդիպում մը ունեցան։
Հակառակ Սուրիոյ հարցին շուրջ էական տարաձայնութիւններուն, երկու երկիրները կը փափաքին ընդարձակել կապերը առեւտուրի եւ դիւանագիտութեան ոլորտներուն մէջ:
Էրտողան արտայայտուեցաւ իսլամական աշխարհի համերաշխութեան անհրաժեշտութեան մասին եւ շեշտեց վճարումներու իսլամական համակարգ մը ստեղծելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ օտար դրամանիշերու ճնշումներէն ազատիլ։
Իր կարգին, նախագահ Ռոհանի խօսեցաւ իսլամական աշխարհին սպառնացող քաղաքական եւ տնտեսական վտանգներուն մասին եւ աւելցուց. «Իսլամական երկրները պէտք է միջոցներու ձեռնարկեն ամերիկեան տոլարին եւ Ամերիկայի ելեւմտական գերակայութիւնը դիմագրաւելու համար»: