ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 19 Դեկտեմբերին, կառավարութեան շէնքին դիմաց բողոքի ցոյց կատարեցին ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան (ՀԵՄ) անդամները: Անոնք կը շարունակեն պահանջել կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը:
Ցոյցին սկիզբը, ՀՅԴ ՀԵՄի անդամ Արգիշտի Գէորգեան յայտարարեց հետեւեալը. «Ազգային ժողովի որոշ դասալիք պատգամաւորների եւ ծերունի աւազակների ասում ենք՝ հանգիստ նստէք տեղներդ: Չփորձէք յանկարծ ներկայացնել, թէ դուք պետականութիւնը պաշտպանում էք մեզանից: Այս երկրի պետականութեան պաշտպանն ու արթուն պահակը մենք ենք, չփորձէք Հայաստանի Հանրապետութիւնը պաշտպանել մեզանից: Եթէ դառնանք պարտիզան, լաւ գիտենք, որ սահմանից այն կողմ ենք այդ պարտիզանութիւնն անելու, իսկ Հայաստանում բոլոր օրինական միջոցներով ե՛ւ քննադատելու ենք իշխանութիւններին, ե՛ւ հարկ եղած դէպքում աջակցելու ենք»:
ՀՅԴ ՀԵՄի անդամ Գերասիմ Վարդանեան իր կարգին դիտել տուաւ, որ Դաշնակցութեան դէմ պատմութեան ընթացքին պայքարած են 3 կայսրութիւններ, կառավարութիւններ եւ իշխանութիւններ, որոնք այսօր գոյութիւն չունին: «Եւ այն միտումները, այն յայտարարութիւնները, որոնք Դաշնակցութեան վերջը կանխատեսում են, աւելի լաւ կը լինի մտածեն իրենց վերջի մասին: Դաշնակցութիւնը եղել է, կայ եւ լինելու է», աւելցուց ան։
ՀՅԴ ՀԵՄի ներկայացուցիչները նամակով ներկայացուցին իրենց պահանջները, հրապարակաւ ընթերցեցին զանոնք ու նամակը փոխանցեցին կառավարութեան աշխատակիցին: Անոնք ներկայացուցին 15 փաստեր՝ թէ ինչո՛ւ նախարար Արայիկ Յարութիւնեան պէտք է հրաժարական տայ։ Անոնք յատկապէս անդրադարձան այն երեւոյթին, որ Արայիկ Յարութիւնեան ազգայինը կը նկատէ յետադիմական, կը հեգնէ ու կը վիրաւորէ մարդոց:
Երիտասարդ դաշնակցականները յայտարարեցին, որ այս տարի վերջին անգամ ըլլալով բողոքի ցոյց կը կազմակերպեն, շնորհաւորեցին հայ ժողովուրդը եւ շեշտեցին, որ իրենք անհանդուրժողականութեան գործողութիւններ կատարած են միայն այն պատճառով, որ նախարարը չէ ուզած լսել իրենց, հասկնալ, թէ ի՛նչ խնդիրներ կը բարձրացնեն:
Աւարտին ՀՅԴ ՀԵՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Քրիստինէ Վարդանեան յայտնեց. «Նախագծի քննարկումներ են սպասւում, մեր գործողութիւնները բխում են մեր պահանջներից: Այնքան ենք մեր պահանջները հետապնդելու, մինչեւ որ դրանք իրականացուեն: Ե՛ւ Արայիկ Յարութիւնեանը, ե՛ւ կառավարութիւնն ունեն բոլոր հնարաւորութիւններն՝ ադեկուատ (յարմար ձեւով-Խմբ.) արձագանգելու եւ հարցը տեղափոխելու կառուցողական դաշտ: Ինչ անէինք, եթէ նախարարը չի ցանկացել մեզ լսել, իսկ մենք ունէինք կոնկրետ առաջարկներ, որոնք խնդրայարոյց են մեզ համար: Եթէ նախարարութեան կողմից այսուհետեւ ադեկուատ արձագանգ լինի, մեր կողմից էլ համապատասխան արձագանգ կը լինի»։