ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 20 Դեկտեմբերին, Ստեփանակերտի մէջ մասնակցեցաւ Ազգային անվտանգութեան ծառայողի մասնագիտական տօնին նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկին։
Նախագահը շնորհաւորեց ծառայութեան ամբողջ անձնակազմին մասնագիտական տօնը, անոնց Ամանորն եւ Սուրբ Ծնունդը՝ մաղթելով քաջառողջութիւն ու մեծագոյն յաջողութիւններ:
Երկրին ղեկավարը պետական պարգեւներ եւ արժէքաւոր նուէրներ յանձնեց ծառայութեան ընթացքին բարձր արդիւնքներ արձանագրած խումբ մը աշխատակիցներու, գնդապետի կոչում՝ մէկ աշխատակիցի: Հանդիսութեան մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պատուիրակութիւնը՝ տնօրէնի պաշտօնակատար Էդուարդ Մարտիրոսեանի գլխաւորութեամբ։
Նոյն օրը, նախագահ Սահակեան հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնակատար Էդուարդ Մարտիրոսեանի հետ: Հանդիպման, որուն կը մասնակցէին Արցախի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Սամուէլ Շահրամանեան, քննարկուեցան հայկական երկու պետութիւններուն համապատասխան կառոյցներու փոխգործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: