ԵՐԵՒԱՆ, ՊԷՅՐՈՒԹ.- Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, Լիբանանի խորհրդարանական մեծամասնութիւնը 19 Դեկտեմբերին, վարչապետի պաշտօնին առաջադրեց 60ամեայ նախկին նախարար Հասան Տիապի թեկնածութիւնը: Այս մասին «Առաջին Լրատուական»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, «Ազդակ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան յայտնեց, որ որոշումին դէմ բողոքի որոշ ցոյցեր արձանագրուեցան, սակայն անոնք զանգուածային բնոյթ չունեցան:
«Կարեւոր է որ նորանշանակ վարչապետը յաջողի կազմել կառավարութիւն: Կը պահանջուի, որ անիկա ըլլայ սեղմ եւ մասնագէտներէ կազմուած», ըսաւ ան՝ յայտնելով, թէ յոյս ունի, որ
նոր կառավարութիւնը շուտ կը կազմուի, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը դուրս բերել տնտեսական ճգնաժամէն:
Նշենք, որ վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւններու շրջագիծին մէջ, Հայկական երեսփոխանական խմբակը Հինգշաբթի օր, նախագահ զօր. Միշէլ Աունի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնած էր, որ կը զօրակցի Հասան Տիապի թեկնածութեան:
Հանդիպումէն ետք, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական խմբակի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն՝ յայտնեց, որ ինք ծանօթ է թեկնածուին եւ բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցած է անոր հետ: «Համոզուած եմ, որ պէտք է ատակ եւ կարողութիւն ունեցող անհատներու գործելու առիթ ընծայել, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Տիապ ակադեմական է, մասնագէտ եւ կասկածներէ հեռու անձնաւորութիւն մը», ըսաւ ան:
Նշենք, որ Հայկական երեսփոխանական խմբակի անդամ Ալեքսանտր Մաթոսեան խորհրդակցութիւններուն ներկայ չգտնուեցաւ երկրէն դուրս գտնուելուն պատճառով, սակայն ան գրաւոր կերպով Հանրապետութեան նախագահին փոխանցեց խմբակին որոշումին իր զօրակցութիւնը: