ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Կելըփ» միջազգային կազմակերպութիւնը կատարած է Հայաստանի ներքին կեանքին վերաբերող հարցախոյզ մը, որուն արդիւնքները 20 Դեկտեմբերին լրագրողներուն ներկայացուց Հայաստանի մէջ նշեալ կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ «Էմ. Փի. Ճի.» ընկերութեան տնօրէն Արամ Նաւասարդեան: Ըստ անոր՝ հարցումները ուղղուած են 9 Նոյեմբերէն 1 Դեկտեմբեր երկարող ժամանակաշրջանին, իսկ հարցախոյզին մասնակցած են 1517 քաղաքացիներ:
Ըստ հարցազրոյզին արդիւնքներուն՝ հայաստանցիներուն 61.3 տոկոսը պատրաստ է Ազգային ժողովի ընտրութիւններու պարագային իր ձայնը տալ «Իմ Քայլը» կուսակցութիւններու դաշինքին, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան օգտին կը քուէարկէր 14.2 տոկոսը, իսկ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան՝ 3.9 տոկոսը:
Գնահատականը տալով գործող իշխանութեան եւ ընդդիմութեան գործունէութեան՝ Հայաստանի նախագահին գործունէութեան նկատմամբ դրական արտայայտուած է մասնակցողներուն 83 տոկոսը, վարչապետին գործունէութեան՝ 83.2 տոկոսը, Ազգային ժողովին՝ 43.1 տոկոսը, կառավարութեան՝ 54.9 տոկոսը, իսկ ընդդիմութեան՝ 25.5 տոկոսը:
Քաղաքացիներէն խնդրուած է արժեւորել նախարարները ու կառոյցներու աշխատանքը՝ 1-5 աստիճանով, ուր 1ը՝ նուազագոյն, 5ը՝ առաւելագոյն գնահատականն է: Բարձրագոյն գնահատականը ստացած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան՝ 4 կէտ, իսկ ամէնէն նուազը՝ 2.7 կէտ, ստացած է Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան։
Հարցումներէն մէկը կը վերաբերէր անոր, որ ներկայ դրութեամբ որո՞նք են մեր պետութեան դիմագրաւած կարեւորագոյն 3 հարցերը. 34.1 տոկոսը նշած է, որ անգործութիւնն է, նոյնքան տոկոսով նշուած են ցած թոշակները եւ ցած աշխատավարձերը, տնտեսական վիճակին անդրադարձած է մասնակցողներուն 32.8 տոկոսը, իսկ փտածութեան՝ 7 տոկոսը:
Հայաստանցիներուն 72.2 տոկոսը յայտնած է, որ բաւարարուած է իր կեանքով: «Լիովին բաւարարուած եմ» պատասխան տուած է հարցախոյզին մասնակցողներուն 20.7 տոկոսը, 51.5 տոկոսը նշած է, որ բաւարարուած է, իսկ 10.5 տոկոսը նշած է, որ ընդհանրապէս բաւարարուած չէ։
Աչքերնիս լոյս: Հայաստանի վիճակը լաւնալու մէջ է: Վնաս չւնի որ փոքրամասնութիւն մը կայ որ կը շարունակէ երկիրէն հեռանալ եւ չուզեր վերադառնալ: Ատ գնացողները կերեւի թէ դժգոհներուն մէջն են: Բայց քիչ մը զարմանալի չ՞է որ աս արդիւնքներուն մէջը մէկ կէտը միւսին չի բռներ, կը հասկցնէ, որ դժգոհներուն չափն ալ շատ է: Աս բաժինը վերի գրուածէն առած եմ.- ներկայ դրութեամբ որո՞նք են մեր պետութեան դիմագրաւած կարեւորագոյն 3 հարցերը. 34.1 տոկոսը նշած է, որ անգործութիւնն է, նոյնքան տոկոսով նշուած են ցած թոշակները եւ ցած աշխատավարձերը, տնտեսական վիճակին անդրադարձած է մասնակցողներուն 32.8 տոկոսը, իսկ փտածութեան՝ 7 տոկոսը: Ըսել է որ անգործները եւ քիչ դրամ շահողները ուրախ են՞