
ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսարանը կը տեղեկացնէ, թէ 18 Դեկտեմբերին աշխատանքային այցելութեամբ Քալիֆորնիոյ մայրաքաղաք Սաքրամենթօ այցելած Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս, դեսպան Արմէն Բայբուրդեան եւ խորհրդական Վարազդատ Պահլաւունի խորհրդակցութիւններ ունեցան փոխնահանգապետ Էլենի Քունալաքիսի միջազգային յարաբերութիւններու գծով խորհրդական Էվըն Ռիտի եւ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի Գործարարութեան եւ տնտեսական զարգացման գրասենեակի միջազգային յարաբերութիւններու եւ ներդրումներու գծով յատուկ խորհրդական Էմըլի Տեսէյի հետ:
Հանդիպումը նպատակ ունէր Հայաստանի եւ Քալիֆորնիոյ միջեւ համագործակցութեան վերաբերեալ համաձայնագիրի դրոյթներու իրականացման համար ծրագիր մշակելու:
Համաձայնագիրը ստորագրուած էր այս տարուան Սեպտեմբերին, Նիւ Եորքի մէջ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կըւեն Նիւսըմի կողմէ՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ներկայութեամբ:
Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսը շեշտեց համաձայնագրին դրոյթներու իրագործման կարեւորութիւնը՝ երկկողմանի համագործակցութիւնը զարգացնելու տեսանկիւնէն:
Մասնաւորապէս, դեսպան Բայբուրդեան կարեւոր համարեց տեղեկատուական եւ բարձր արհեստագիտութեանց, զբօսաշրջութեան, գիւղատնտեսութեան, այլընտրանքային ուժանիւթի եւ բնապահպանութեան ոլորտներուն մէջ գործողութիւններու համապարփակ ծրագիր մշակելու կարեւորութիւնը:
Յաջորդ հանդիպման ընթացքին, կ՛ակնկալուի նահանգապետարանին կողմէ գործողութիւններու ծրագիրի առաջարկներու ներկայացումը՝ համաձայնագիրին իրագործման ուղղուած, որոնք հիմնուած են հայկական կողմի ներկայացուած նախապատուութիւններուն վրայ:
Աշխատանքային հանդիպման աւարտին, դեսպան Բայբուրդեան առանձնազրոյց ունեցաւ Քալիֆորնիոյ փոխնահանգապետ Էլենի Քունալաքիսի հետ:
